image

Պաքու եւ Երեւան պիտի որոշեն «3+3» ձեւաչափով ԱԳ նախարարներու նոր հանդիպման վայրը. Ռուսիոյ ԱԳՆ

Պաքու եւ Երեւան պիտի որոշեն «3+3» ձեւաչափով ԱԳ նախարարներու նոր հանդիպման վայրը. Ռուսիոյ ԱԳՆ

«3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ նիստին վայրը պէտք է որոշեն Ատրպէյճանն ու Հայաստանը, Ռուսիան պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Միխայիլ Քալուկին։

«Այն հարցին շուրջ, թէ ո՛ւր պիտի կայանայ «3+3»-ի մասնակից երկիրներու նախարարներու յաջորդ նիստը, այժմ պէտք է որոշում կայացնեն Պաքուն եւ Երեւանը։ Պատրաստ ենք գործընկերներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու»,– ըսած է Քալուկին գործակալութեան։

Քալուկին նաեւ յայտնած է ձեւաչափի շրջածիրէն ներս գործնական փոխգործակցութեան ընդլայնման մասին։ Մասնաւորաբար, Յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովին մեկնարկած է «3+3»-ի փորձագիտական «ուղին», որուն մասնակցած են տարածաշրջանի բոլոր վեց երկիրներու, այդ կարգին՝ Վրաստանի քաղաքագէտներ։

«Հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ՝ «Ռուսական ուժանիւթի շաբաթ» միջազգային համաժողովի հարթակին, նախատեսուած է ձեւաչափի շրջածիրէն ներս առաջին հանդիպումը՝ ուժանիւթի ոլորտի համագործակցութեան հարցերով»,– մանրամասնած է դիւանագէտը։