«Առանձնայատուկ պատիւ եւ երջանկութիւն է հիւրընկալել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեանին եւ հանրաճանաչ հայորդի, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր՝ Արտեմ Փաթափութեանին։ Չափազանց կարեւոր են նման հանդիպումները, քանի որ անոնք կու տան երկխօսութեան, անհատական ձեւաչափով միտքերու եւ փորձի փոխանակման, ինչպէս նաեւ յաջողութեան պատմութիւններու մատուցման հնարաւորութիւն, որոնք այսօր կենսական են մեր երիտասարդ ճարտարագէտներուն եւ գիտութեամբ զբաղողներուն համար՝ իրենց մասնագիտական ասպարէզը եւ գիտական գործունէութիւնը ճիշդ եւ արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար»,- նշած է Սինոփսիս Արմէնիայի նախագահ Երուանդ Զօրեանը:
Օրերս «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութիւնը հիւրընկալած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեանին եւ մոլեքիւլային կենսաբան, նեարդաբան, բժշկութեան 2021 թուականի Նոպէլեան մրցանակակիր, Սքրիփս Ռիսըրչ (Scripps Research) հիմնարկի փրոֆէսօր Արտեմ Փաթափութեանին, որ Հայաստան եկած էր
ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող «Գիտութեան եւ Գործարարութեան օրեր» միջոցառման:
«Առանձնայատուկ պատիւ եւ երջանկութիւն է հիւրընկալել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեանին եւ հանրաճանաչ հայորդի, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր՝ Արտեմ Փաթափութեանին։ Չափազանց կարեւոր են նման հանդիպումները, քանի որ անոնք կու տան երկխօսութեան, անհատական ձեւաչափով միտքերու եւ փորձի փոխանակման, ինչպէս նաեւ յաջողութեան պատմութիւններու մատուցման հնարաւորութիւն, որոնք այսօր կենսական են մեր երիտասարդ ճարտարագէտներուն եւ գիտութեամբ զբաղողներուն համար՝ իրենց մասնագիտական ասպարէզը եւ գիտական գործունէութիւնը ճիշդ եւ արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար»,- նշած է Սինոփսիս Արմէնիայի նախագահ Երուանդ Զօրեանը:
Շրջայցի ընթացքին՝ Երուանդ Զօրեան ներկայացուցած է Սինոփսիս ընկերութեան գործունէութիւնն ու ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ շեշտած՝ անոր նշանակալից դերն ու միջազգային յաջողութիւնները։ Իսկ Հայաստանի մէջ իրականացուող կրթական ծրագիրնրուն մասին խօսելով, Երուանդ Զօրեան ընդգծած է, որ բարձր որակաւորում եւ գործնական հմտութիւններ ունեցող մասնագէտներ պատրաստելու համար, Սինոփսիսը մեծ ներդրումներ կ՚ընէ Հայաստանի կրթութեան ոլորտին մէջ, կիրառելով նորարար մօտեցումներ, եւ կը համագործակցի համալսարաններու հետ, կրթական նոր ծրագիրներ մշակելու համար։ Ան նշած է, որ Սինոփսիս Արմէնիայի ուսումնական բաժինի արդիւնքները տպաւորիչ են։ Ներկայիս Սինոփսիս Արմէնիայի աշխատակիցներուն կէսէն աւելին ընկերութեան ուսումնական բաժինի շրջանաւարտներն են, իսկ պաքալաւրի եւ մագիստրոսական ծրագիրերու ուսանողներուն մեծ մասը արդէն իսկ կ՚աշխատին ընկերութեան մէջ։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, ՀՀ նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձած է գիտութեան եւ բարձր արհեստագիտութեան դերին մասին։ Ան ըսած է, որ հայազգի գիտնականին գրանցած յաջողութիւնը վառ օրինակ է, թէ «ինչպէս կարող ենք մեր գիտելիքով աշխարհին ներկայանալի դառնալ»: Յաջողութեան պատմութիւններու եւ կրթական արդիւնաւէտ մօտեցումներու մասին իր խօսքը շարունակելով, ան աւելցուցած է․«Երբ մենք կը գնահատենք ՀՀ-ի այսօրուան հնարաւորութիւնները, կը հասկնանք, որ մենք կարող ենք մեր գիտելիքով աշխարհին ներկայանալի դառնալ։ Սինոփսիսն ալ անոր վառ օրինակներէն մէկն է։ Հարց կը ծագի, թէ մենք ինչո՞ւ չենք կրցած Սինոփսիսի օրինակը աւելի մասսայական դարձնել։ Երբ մենք կը խօսինք գիտութիւն-արտադրութիւն կապի մասին, այդ նախատիպը արդէն Հայաստանի մէջ կայ եւ կը գործէ, բայց մենք այլ տեղեր կը փնտռենք այն մարդիկը եւ ընկերութիւնները, որոնք կը զբաղին արտադրութեամբ եւ աւելի լաւ կը պատկերացնեն ապագան։ Անոնք ներդրումներ կ՚ընեն կրթութեան մէջ։ Սինոփսիսը անոր լաւագոյն օրինակն է», – ամփոփած է Հանրապետութեան նախագահը։
Սինոփսիս Արմէնիա ընկերության տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանը նշած է. «Առաջին անգամն է հայ գիտնական մը կ՚արժանանայ Նոպէլեան մրցանակի եւ ես չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ այս յաջողութիւնը մեր ազգային մեծագոյն նուաճումներէն մէկն է: Մենք աշխարհին կրնանք ներկայանալ միայն ճարտարագիտական արհեստագիտութեան բարդագոյն խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններով, եւ ի հարկէ Արտեմ Փաթափութեանի նման, տարբեր ոլորտներու մէջ համաշխարհային ճանաչում ունեցող մարդոցմով»:
Այցը աւարտած է հարց ու պատասխան ձեւաչափի քննարկմամբ։ Նախագահ Խաչատուրեանը, Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանն ու Սինոփսիս Արմէնիայի Նախագահ Երուանդ Զօրեանը զրուցած են ընկերութեան աշխատակիցներուն եւ հիւրերուն հետ եւ անդրադարձած՝ անոնց հետաքրքրող հարցերուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր կարծիքով, ի՞նչ է յաջողութեան բանաձեւը, Արտեմ Փաթափութեան նշած է․ «Պէտք է մեծ երազանքներ ունենալ։ Բայց ամենակարեւորը՝ պէտք է կապ ստեղծէք ձեր մեծ երազանքներուն ու գործնականութեան միջեւ։ Ճիշդ այդ ատեն կը ստեղծուի հիմնական արդիւնքը։ Կը կարծեմ, որ Սինոփսիսը անոր հիանալի օրինակն է. այն սկսած է մեծ երազանքի նման բանով մը, բայց այն նաեւ գործնական է։ Ո՛չ թէ հեշտ, այլ գործնական։ Ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք չէ շփոթենք գործնականը հեշտի հետ։ Գործնականը պարզապէս «իրագործելի» կը նշանակէ: Այդ միաձուլումը երբ ըլլայ, մոգական բաներ տեղի կ՚ունենան…»: