Մեր ընթերցողներուն հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ «Սինոփսիս Արմենիա» կրթահամալիրը ոտքի կանգած է ու բեղուն գործունէութիւն կը տանի շնորհիւ նուիրեալ հայորդի Տիար Երուանդ Զօրեանին, որ մեծագոյն ճիգեր ի գործ կը դնէ արդիական արհեստագիտութիւնը մնայուն կերպով օրակարգ դարձնել Հայաստանի մէջ ու մեծ ներուժով կը փորձէ սատար կանգնիլ Հայաստանի թէ արտերկրի ստեղծարար ոգի ունեցող մատղաշ սերունդներուն։
ՀՀ բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան 4 մարտին այցելած է «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւն, ծանօթացած ընկերութեան գործունէութեան, արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն:
Նախարարը շրջայց կատարած է ընկերութեան Ուսումնական բաժանմունքը տեղակայուած լսարաններուն մէջ, զրուցած ուսանողներուն հետ, կարեւորած նոր գաղափարներու ու մօտեցումներու կիրառումն արտադրական գործընթացներուն մէջ:Ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեան եւ Ուսումնական բաժանմունքի տնօրէն Վազգէն Մելիքեան նախարարին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած են իրականացուող կրթական ծրագիրներու վերաբերեալ, մասնաւորապէս, խօսիլ «Արտադրութիւն-ԲՈՒՀ (Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն)» համագործակցութեան կրթական օրինակով իրականացուող ծրագիրի մասին։
Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է Հայաստանի ճարտարագիտական ոլորտի համար բարձրակարգ մասնագէտներ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը։

