Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան մայիս 19-ին հիւրընկալուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ ՝ հանրային յատուկ միջոցառումներու համար: Փաթափութեանի հետ հանրային զրոյցը վարեց փորթուկալցի գիտական լրագրող Սառա Սան՝ հանդիսատեսին եզակի հնարաւորութիւն տալով ծանօթանալու Դոկտոր Փաթափութեանի անձնական եւ ակադեմական ուղիին՝ Պէյրութէն մինչեւ Քալիֆորնիա ու անոր գիտական նուաճումներուն, որ հանգեցաւ 2021 Բնախօսութեան եւ Բժշկագիտութեան Նոպէլեան Մրցանակի տիրացումով:
Լիբանան ծնած ամերիկահայ Քալիֆորնիաբնակ առաջատար միջազգային գիտնականը առաջին անգամ կապ հաստատած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ որպէս ուսանող 1985 թուականին՝ կրթաթոշակ ստանալով Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքէն։ Կրթանպաստին շնորհիւ ան իր համալսարանական ուսումը մեկնարկեց հանրայայտ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Այդ առաջին քայլը՝ կրթաթոշակի ձեռագիր դիմումնագիրով, մեկնարկեց ուղի մը, որ զինք տարաւ տարբեր մայրցամաքներ եւ վերափոխեց հանրութեան պատկերացումները մարդուն զգայական համակարգին մասին:
Արտեմ Փաթափութեան խօսեցաւ իր կեանքին եւ գիտական հետազօտութիւններուն մասին, անդրադառնալով նաեւ տեղահանութեան ու վերափոխումի մարտահրաւէրներուն: Անոր կեանքի պատմութիւնը դիմակայութեան, հետաքրքրասիրութեան եւ համայնքային կայուն կապերու պատմութիւն է՝ Լիբանանի մէջ հայկական դպրոց յաճախելէն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմը, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ UCLA-ի եւ Caltech-ի իր անցած ակադեմական ուղին:
Նոպէլեան մրցանակի արժանացած անոր հետազօտութիւնները կը կենտրոնանան ջերմաստիճան եւ հպում զգացող կենսաբանական ընկալիչներու վրայ: Այս յայտնագործութիւնները լայնածաւալ հետեւանքներ ունին ջղաբանութեան եւ բժշկութեան համար՝ լուսաբանելով թէ մեր մարմինները ինչպէ՛ս կը փոխազդեն ֆիզիկական աշխարհին: Դոկտոր Փաթափութեան ներկայիս ջղաբանութեան դասախօս է Scripps Research հիմնարկին մէջ, եւ հիմնական հետազօտող՝ Howard Hughes Medical Institute-ի մէջ. երկուքն էլ համաշխարհային ճանաչում ունեցող կենսաբանութեան հետազօտական կեդրոններ են:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն