Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական հետապնդման ենթարկելու նպատակով նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը ՀՀ իրաւասու մարմիններուն յանձնելու մասին դեկտեմբեր 17-ին միջնորդութիւն ուղարկած է Ռուսիոյ Դաշնութեան գլխաւոր դատախազութեան: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած են Դատախազութենէնձ
Գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը նոյեմբեր 18-ին Ազգային ժողովէն ներս լսումներու ժամանակ յայտարարած էր, որ Դատախազութիւնը պիտի դիմէ Ռուսիոյ՝ Կոստանեանի եւ «Մարտի 1»-ի գործով քննչական խումբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանի յանձնման միջնորդութեամբ:
«Չունենք ռուսական կողմից համաձայնութիւն՝ նրանց արտայանձնելու համար, թէեւ Դատախազութիւնը կրկին յանձնման միջնորդութիւն է ուղարկելու Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ խնդրելով նորից դիտարկել նախկինում մերժուած յանձնումը», - նշած էր Վարդապետեանը:
Նոյն օրը Հակափտածութեան կոմիտէի նախագահ Արթուր Նահապետեանն ըսած էր, որ Կոստանեանն ու Յարութիւնեանը դեռ կը գտնուին հետախուզման մէջ:
Ըստ Նահապետեանի՝ Յարութիւնեանը ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ այն բանի համար, որ որպէս քննչական խումբի ղեկավար կազմակերպած է քննիչներու եւ ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուած եւ փորձագէտներուն ներկայացուած տարբեր տրամաչափի պարկուճները փոխելու գործընթացը: Ինչպէս նաեւ, ըստ մեղադրանքի, Վահագն Յարութիւնեանը խեղաթիւրած է Զինուած ուժերու մասնակցութիւնը 2008 թուականի մարտ 1-ի իրադարձութիւններուն՝ այդ կերպ օժանդակելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեանի կողմէ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնը թաքցնելուն եւ պաշտօնէական կեղծիքներ կատարելուն:
«Հետք»-ի վկայութեամբ՝ իրաւապահներու կողմէ դեռ 2019-էն հետախուզուող Կոստանեանը Ռուսիոյ քաղաքացի դարձած է եւ 2022-ի յունուարէն հաշուառուած է Մոսկուայի մէջ: