image

ԲՀԿ պատգամաւորի թեկնածու Արեգնազ Մանուկեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան

ԲՀԿ պատգամաւորի թեկնածու Արեգնազ Մանուկեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան

«Մայր Հայաստան» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, «Բարգավաճ Հայաստան»-ի պատգամաւորի թեկնածու Արեգնազ Մանուկեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան:

Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Քննչական կոմիտէի մամուլի քարտուղար Կիմա Աւդալեանը:

Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէէն յայտնած էին, որ պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ հրապարակելու համար ձերբակալուած է Արեգնազ Մանուկեանը։