Իրաւաբան Արփինէ Յովհաննիսեանը յայտարարած է, որ վերջին շրջանին տարբեր բնակավայրերէ վերցուած խմելու ջուրի նմուշներու փորձաքննութիւններու արդիւնքներով շարք մը պարագաներու արձանագրուած է ջուրի կոշտութեան թոյլատրելի ցուցանիշներու գերազանցում։
Դիմատետրի մէջ հրապարակած իր տեսանիւթին մէջ ան նշած է, որ ամռան ամիսներուն, երբ աղբիւրներու ջուրը չի բաւարարեր, «Վեոլիա Ջուր»ը խմելու ջուրին կը խառնէ արտեզեան ջուր, որ աւելի բարձր կոշտութիւն ունի։
Յովհաննիսեանը նշած է, որ այդ պատճառով Արինբերդի, Խարբերդի եւ այլ ջրամբարներէ սնուող բնակավայրերու մէջ ջուրի կոշտութեան ցուցանիշերը կամ հասած են Առողջապահութեան նախարարութեան սահմանած առաւելագոյն շեմին, կամ գերազանցած այն։
Ան պնդած է, որ այդ պարագային քաղաքացիները կը վճարեն սահմանուած չափանիշերուն չհամապատասխանող ջուրի համար եւ կրնան դատարանի մէջ վիճարկել այդ գործընթացը։
Յովհաննիսեանը բնակիչներուն կոչ է ըրած է, եթէ նկատեր են ջուրի գոյնի, համի կամ որակի փոփոխութիւն, կապ հաստատեն իր հետ՝ նոր փորձաքննութիւններ կազմակերպելու համար։ Ան նաեւ իրաւաբաններուն առաջարկած է միանալ նախաձեռնութեան։