Հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական մերձեցման գործընթացները կ՚ընթանան զուգահեռ: Այս մասին Տաւոսի մէջ կայացած «Եւրասիոյ տնտեսական ինքնութեան սահմանումը» խորագրով փանելային քննարկման ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
«Անկասկած, այդ գործընթացները պիտի եզրափակուին միաժամանակ՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատմամբ»,-ըսած է Ալիեւը։
Անդրադառնալով բեռերու տարանցման՝ Ալիեւ ըսած է, որ Հայաստանը Ատրպէյճանին հարցում ուղարկած է՝ ՀՀ-էն Ռուսիա բեռերու տարանցում տրամադրելու վերաբերեալ։
«Այսպիսով մենք փաստացի, միակողմանիօրէն բացեր ենք միջանցքները։ Ճիշդ է՝ բեռնափոխադրումը կը կատարուի Վրաստանի տարածքով, սակայն կու գայ օրը, որ հայկական բեռերը կ՚անցընին ուղղակիօրէն Ատրպէյճանի տարածքով, եւ այդ օրը հեռու չէ»,-ըսած է Ալիեւը:
Խաղաղութեան համաձայնագրին անդրադառնալով՝ Ալիեւ ըսած է, որ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի քաղաքական կամք դրսեւորելու պարագային՝ մօտ ժամանակներս խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ
«Այն, ինչ երկու-երեք տարի առաջ անհնարին կը թուէր, այսօր իրականութիւն դարձած է: Ես լաւատես եմ: Ձեռք բերուած յաջողութիւններն իսկապէս նշանակալի ներդրում են»,-ըսած է Ալիեւը: