Տօնական երկար սեղանին շուրջ մեծաթիւ հիւրեր կային: Կողքս նստած տիկինները սիրելի ազգականներ էին, բայց ճիշդ դէմս նստող տարեց տիկինը անծանօթ էր: Երկու վայրկեան ետք մենք դարձանք ծանօթներ, երբ մեր ջերմ բարեւները ու անունները փոխանակեցինք իրարու:
Տիկին Հրանուշին դէմքը խաղաղ, միաժամանակ խորհրդաւոր «բոյր» մը ունէր: Տարիքի բերումով, անոր վար ծանրացած կոպերը իւրայատուկ շեշտ մը կ՚աւելցնէին իր սպիտակ դէմքին։ Անոր կնճիռները նման էին վէպի մը թերթերուն, որոնք ակամայ քեզ կը կլանեն իրենց գրկած տարիներով, պատմած ոդիսականով ու ճակատագրի խաղերով։
Մազերուն կոկիկ սանտրուածքը, գեղեցիկ լազուարթ հագուստը, նիստն ու պահուածքը՝ ազնուական տիկնոջ մը ներկայութիւնը կը հաստատէին: Զննող աչքերով կը դիտէի տիկին Հրանուշին, երբ ան դիմեց ինծի ըսելով. «Սիլվա՛, դուն, ո՞ր երկրէն եկած ես. շատո՞նց է, որ Լոս Անճըլըս կ՚ապրիս»:
-Տիկ. Հրանո՛ւշ, ես Լիբանանցի եմ եւ միայն չորս տարիէ հոս կը գտնուիմ: Լայն ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ Տիկ. Հրանուշին դէմքին վրայ ու ըսաւ. «Օ՜հ, Լիբանանը շատ գեղեցիկ երկիր է, ես շատ սիրած եմ Լիբանանը, թէեւ միայն եօթը ամիս հոն ապրած եմ, բայց միտքիս մէջ շատ անուշ յիշատակներ կը փայփայեմ»:
-Տիկ. Հրանո՛ւշ, ընդանհրապէս դուք ո՞ւր ապրած էք։
-Սիլվա՛, ջան, կրնամ ըսել՝ քիչ մը ամէն տեղ, ոեւէ հայու նման,Դամասկոս, Հայաստան, Լիբանան, Նիւ Եորք եւ այժմ՝ Լոս Անճըլըս: Ծնողքս վերապրողներ էին Այնթապէն ու Մարաշէն տեղահանուած եւ Դամասկոսի մէջ ապաստան գտած: Ես Դամասկոս ծնած եմ 1941- ին, բայց շատ բան չեմ յիշեր քանի, որ 1946- ին Հայաստան ներգաղթեցինք: Մայրս կը պատմէր, որ հայրս թունդ հայրենասէր էր, աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել հայրենամոլ էր. տիւ եւ գիշեր Հայաստան կ՚երազէր: Յաճախ կը կրկնէր. «Մեր տեղը հոս չէ՝ Հայաստանն է»: Հակառակ, որ ան դամասկոսի մէջ յայտնի ժամագործ էր եւ շատ հարուստ կեանք ունէինք, բայց սիրտը ուրախ չէր: Հոս ես ալ իմ կարգիս կրնամ հաստատել մօրս խօսքը, վկայ անոր նկարները, գրեթէ մինչեւ արմուկը հասնող ոսկեայ ապարանջանները, ընտիր անգլիական վերարկուները...:Մայրս կը շեշտէր, որ երբ ներգաղթը կազմակերպուեցաւ, հօրս ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը սահման չունէին: Իր պնդումով, քաջալերանքով եւ լուսաւոր ապագայի հեռանկարով, մեր տուն- տեղը թօթափեցինք, ծրարեցինք եւ տասնչորս հոգիով բարձրացանք հօրս սահմանումով՝ «երանութեան նաւ»ը։ Մեր վեց հոգինոց ընտանիքին կ՚ընկերակցէին հօրեղբօրս հինգ անդամներէ բաղկացած ընտանիքը, իննսունամեայ մեծ մայրս եւ հօրեղբօրս կնկան մայրն ու քոյրը։
-Տիկին, Հրանո՛ւշ, որեւէ յիշողութիւն ունի՞ս նաւու ուղեւորութեան հետ կապուած։
-Սիլվա՛, ջան, ես 1946- ին հինգ տարեկան էի եւ մասնաւոր բան մը չեմ յիշեր, սակայն մայրս կը պատմէր, որ նաւուն մէջ վարակիչ աչքի հիւանդութիւն մը տարածուած էր եւ ճամբորդները սարսափի մատնած։ Վարակէն պաշտպանուելու եւ բուժուելու համար առաջարկուած էր աչքերը սեւ լաթով փակել։ Ես ալ իմ կարգիս վարակին զոհ դարձած եմ եւ մայրս ստիպուած իմ աչքերս ալ սեւ լաթով կապած է։ Օրին շատ ցաւած ու լացած եմ, իսկ մայրս իմ վիճակէս խիստ յուզուած ըսած է. «Այս սեւ կապը՝ սեւ օրերու կանխագուշակն է»: Բարեբախտաբար իմ աչքերս բուժուած են։
Մայրս կ՚ըսէր, թէ նախազգացումը անտեղի չէր։ Օտեսա հասնելով, նաւէն վար իջած են եւ մեծ յուսախաբութիւն ապրած։ Զիրենք սպասողը մարդատար շոգեկառք մը չէր, այլ՝ բեռնատար հին շոգեկառք մը, որուն մէջ թխմուած են դիմագիծ չունեցող իրերու պէս:
Մենք շատ դժուար օրեր ունեցանք։ Մայրս եւ մեր ազգական տիկինները ահաւոր ցուրտին երկար ժամերով հերթ կը սպասէին, որպէսզի սեւ հացի նկանակ մը տուն բերէին: Մեզի հետ բերած Դամասկոսի տան գորգերը, վարագոյրները, մօրս ոսկեղէնները, մէկիկ- մէկիկ ծախուեցան սեւ շուկայի վրայ փոխան գետնախնձորի, սոխի, սեւ հացի…։ Բարեբախտաբար Հայրս ժրաջան մարդ էր եւ մեզի բաժին հասած հողին վրայ բանջարեղէններ աճեցուց եւ պտղատու ծառեր տնկեց: Հողը շատ բարեբեր էր ու առատաձեռն: Ժամանակ մը ետք, մեր սեղանին վրայ ունէինք առատ կանաչեղէն, պտուղ, իսկ շնորհիւ մեր տան կանանց տնարարութեան, մարանին մէջ ամբարուեցան ահագին մթերք՝ լոլիկի մածուկ, ոլոռն, կուտատուկ, լուբիա, տեսակաւոր չիրեր, պաստըխ, շարոց, օշարակներ...:
Սնունդի պակասը կրցած էինք յաղթահարել, բայց անկարող էինք մօրս կանխագուշակած սեւ օրերը բարեփոխել: Մեր շրջապատէն անհեթեթ պատճառներով ու պատրուակներով մարդիկ կը ձերբակալուէին, կը բանտարկուէին, կամ կ՚աքսորուէին դէպի Սիպերիա: Մայրեր կու լային, կանայք անտէր կը դառնային, ընտանիքներ կը դժբախտանային։ Մեզի համար այս սարսափազդու իրավիճակը աւելի «շօշափելի» դարձաւ, երբ հօրս շատ մօտիկ բարեկամը՝ Մարգարը, իր տիկնոջ ու զաւակներուն հետ Սիպիր աքսորուեցաւ: Բնաւ չէինք պատկերացներ, որ օր մը հերթը պիտի հասնի մեր տան:
Գիշեր մը երկու ոստիկան իրենց զէնքերով ու շուներով յայտնուեցան մեր տան շեմին։ Թիրախը՝ տասնինը տարեկան եղբայրս էր: Ան ամբաստանուած էր, որպէս իշխող համակարգին դէմ երիտասարդները հրահրող անձ: Մեր աչքերուն առջեւ զինեալները եղբօրս բռնութեամբ տունէն դուրս քաշքշեցին ու տարին: Ես փոքր էի, անգիտակ պատահարին լրջութենէն, գրասեղանին ետին նստած իմ այբենարանս կը կարդայի, մինչ մօրս լացն ու աղաղակը եւ շուներուն հաջոցը աշխարհը առած էր:
Այս պատահարէն ետք, հայրս՝ աշխոյժ եւ կենսուրախ մարդը, սաստիկ ընկճուեցաւ։ Զաւակը փրկելու նպատակով երկու տարի Երեւանի բանտը չափչփեց, դրամ է, որ թափեց, «հեղինակաւոր» մարդոց նուէրներ ըրաւ, մինչեւ Մոսկուա գնաց...: Կրնամ ըսել աշխարհը տակնուվրայ ըրաւ եւ վերջապէս երկու տարի անց եղբայրս Երեւանի բանտէն դուրս ելաւ: Դժբախտաբար, եղբայրս նախկին երիտասարդը չէր, ան չարչարանքներու ենթարկուած էր, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը դրած էին անոր ֆիզիքական ու հոգեկան առողջութեան վրայ: Ան կը պատմէր, թէ բանտապահները բանտին գետինը քլորին կը թափէին եւ երբ բանտարկեալները գրեթէ շնչահեղձ վիճակի մէջ կ՚ըլլային, սաստիկ ծեծի կ՚ենթարկէին, ապա կը պարտադրէին «խոստովանիլ» իրենց յանցանքը:
Եղբայրս բանտին հետքերը չկրցաւ թօթափել, սիրտը տկարացաւ, յուսալքուեցաւ, փորձեց ալքոհոլի մոլութեան մէջ խաղաղութիւն գտնել եւ երբ հազիւ քառասուն տարեկան էր սրտի տագնապով մահացաւ։
Ստալինին մահէն ետք, Խրուշէֆի օրերուն մեր կեանքը յարաբերաբար բարելաւուեցաւ: Մեր ընտանիքը բանի մը պակասը չունէր, սակայն եղբօրս վատառողջ վիճակը պատճառ դարձաւ, որ հայրս լռութեան ու յուսահատութեան մէջ ընկղմի: Կարծես, թէ խոր թմբիրէ մը զարթնած էր եւ իր Հայաստան աշխարհի մեծ երազը փարատած էր։ Հայրս սկսաւ կաթիլ առ կաթիլ կոպեկներ խնայել: Ան խստօրէն կը շեշտէր, որ կուտակուած գումարը անձեռնմխելի պիտի մնայ եւ պիտի գործածուի, որպէս ճանապարհածախս երկրէն դուրս գալու համար: Շատ կը զարմանայի, միաժամանակ կը ցաւէի, որ անցեալի հայրենապաշտ հայրս ականատես ըլլալով իր որդիին դէմ կիրարկուած անարդարութեան, այսօր արտագաղթ կը ծրագրէր: Մենք քսաներկու տարի Հայաստանի մէջ ապրեցանք, ապա կրկին գաղթի փշոտ ցուպը բռնեցինք ու դուրս ելանք:
-Տիկին, Հրանուշ, կը զարմանամ, որ քսաներկու տարի Հայաստան ապրած ես եւ մաս- մաքուր Արեւմտահայերէն կը խօսիս։
-Սիլվա՛, ջան, ես նոյնքան մաքուր Արեւելահայերէն կը խօսիմ եւ նոյնպէս Ռուսերէնին կը տիրապետեմ։ Շատ յառաջադէմ ուսանողուհի էի եւ այդ նպաստեց, որ ապագային պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեմ։ Այդ ալ ըսեմ, որ մայրս խստօրէն կը պնդէր, որ տան մէջ Արեւմտահայերէն խօսինք: Ան կըսէր.«Դուք դպրոցը Արեւելահայերէն կը խօսիք, կը գրէք, գոնէ տան մէջ Արեւմտահայերէն խօսեցէք։ Արեւմտահայերէնը իմ ծնողներուս լեզուն է եւ ձեր պարտքն է պահպանել զայն»:
-Տիկին, Հրանո՛ւշ, ո՞ր թուականին Լիբանան եկաք:
-1968- ին Հայաստանէն ելանք եւ եօթը ամիս Լիբանան մնացինք, մինչեւ մեր ԱՄՆ մուտքի թուղթերը պատրաստ ըլլան, ապա մեկնեցանք Նիւ Եորք: Ծնողքս բաւական վատառողջ էին եւ չդիմացան ցուրտին, հետեւաբար փոխադրուեցանք Լոս Անճըլըս: Դժբախտաբար անոնք երկար չապրեցան. հայրս մահացաւ 1972- ին, իսկ մայրս 1973- ին։
-Տիկին Հրանուշ կրցա՞ք արագ համակերպիլ նոր երկրին եւ նոր ապրելաոճին հետ:
-Սկիզբը դիւրին չէր մեր կեանքը: Ես քանի մը գործ կ՚աշխատէի, որպէսզի ապրուստ ապահովեմ եւ ծնողքիս օգտակար դառնամ: Նոյնպէս կրտսեր եղբայրս եւ քոյրս աշխատասէր էին եւ կրցան լաւ հիմնարկներու մէջ գործեր ստանձնել։ Եղբայրս վարպետ ժամարգործ էր եւ նշանաւոր «Պուլովա» ընկերութեան մէջ աշխատեցաւ, ապա իր անձնական վաճառատունը ունեցաւ, իսկ քոյրս վարժ դերձակուհի էր եւ աշխատեցաւ յայտնի վաճառանիշ “saks fifth" կանացի հագուստեղէնի ձեւագիտութեան տան մէջ։ Փառք Աստուծոյ մենք մեր ուժերով մէջտեղ եկանք։
-Տիկ. Հրանուշ, իսկապէս զմայլած եմ ձեր ընտանիքի անդամներուն կերպարներով։ Դուք իսկական հայը կը մարմնաւորէք ձեր աշխատասիրութեամբ, տոկունութեամբ, հմտութեամբ, չընկրկող յամառութեամբ, յարմարելու կարողութեամբ...: Արդեօք ձեր անձնական ընտանիքը ունեցա՞ք:
-Այո՛, Սիլվա, ջան, ես 1980- ին, բաւական հասուն տարիքիս արժանի երիտասարդի մը հետ ընտանիք կազմեցի: Աստուած մեզի երկու զաւակ պարգեւեց, որոնք կրցանք լաւ «տեղեր հասցնել»: Այժմ թոռնիկներս կը խնամեմ եւ կեանքս անոնց ներկայութեամբ կը վայելեմ: Ցանկութիւնս է, որ Աստուած զիս առողջ պահէ եւ երբ թոռնիկներս քիչ մը մեծնան, իրենց տանիմ Հայաստան, որպէսզի ծանօթանան գեղեցիկ ու անաղարտ բնութեան, տեսարժան վայրերուն, մշակութային հարստութեան եւ համտեսեն հայրենի հողին համադամ պտուղները։ Ես ուր, որ ապրեցայ Հայաստանի պտուղներուն արոման ու համը փնտռեցի։ Այդ ալ ըսեմ, որ ես քսանեօթը տարեկան ամուրի օրիորդ էի եւ ծնողքիս հետեւելով Հայաստանէն արտագաղթեցի, բայց սիրտէս մեծ մաս մը մնաց հոն, ուր որ հասակ առած, ուսում եւ կրթութիւն ստացած եմ: Ուրախ եմ, որ այսօրուան Հայաստանը շատ տարբեր է մեր ապրած տարիներէն: Կը հրճուիմ, երբ Հայրենիք այցելողները գեղեցիկ յուշերով կը վերադառնան եւ մեծ բաւականութեամբ ու խանդավառութեամբ կը պատմեն իրենց քաղցր տպաւորութիւնները։ Միաժամանակ շատ կը վրդովիմ, երբ հայրենիքիս համար որեւէ վտանգ կը կանխատեսուի, կամ կը տեղեկանամ որեւէ երեւոյթի մասին, որ կը խաթարէ հայրենիքիս խաղաղութիւնը: Երանի՜ հայրս ողջ ըլլար եւ այսօրուան Հայաստանը տեսնէր։
-Տիկ Հրանուշ, այնչա՜փ յուզուած եմ ձեր եզակի անձնաւորութեան ծանօթանալով եւ ձեր ապրած տարբեր միջավայրերուն ու հանգրուաններուն մասին տեղեկանալով: Յատկապէս երբ պատմեցիք մանրամասները այն ժամանակաշրջանին, որ ապրած էք Հայաստանի մէջ։ Ես ձեր խօսքերէն մէկ բան կ՚եզրակացնեմ, որ մեր Հայրենիքին մէջ իշխող ռեժիմները, անհատները, ղեկավար մարմինները, փոփոխական են ու գնայուն, իսկ հազարամեակներու մեր հայրենիքը՝ բնօրրանը, նախնիներուն աւանդը, հոգեմտաւոր արժէքներու ակունքը, ...մնայուն սէր է ու յաւերժական:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան