image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Յուսաբեր»ի. Մնայունը գաղափարն է ու պայքարի յարատեւութիւնը

Խմբագրական «Յուսաբեր»ի. Մնայունը գաղափարն է ու պայքարի յարատեւութիւնը

Գահիրէի ՀՅԴ կազմը կը նշէ «Յուսաբեր»ի Տան 70 եւ Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի 60 ամեակները։

Այս իրագործումներու խթանող ուժը եթէ կուսակցութեան կազմակերպական մեքենան էր, իրականացման հիմնական գործօնը «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութիւնն էր, որ իր հերթին կուսակցութեան ձեռակերտն էր՝ կազմուած կուսակցական եւ անկուսակցական դէմքերէ, որոնք այսօր պատմութեան անցած են։ 

Գաղթական հայը Տուն կը կառուցէր Եգիպտոսի հիւրընկալ հողին վրայ։ Իր տեսակին մէջ թերեւս առաջինն էր Սփիւռքի մէջ «Յուսաբեր»ի Տունը, որ ոչ միայն գաղափարական-քաղաքական կեդրոն նախատեսուած էր ըլլալու, այլեւ ժողովրդային հաւաքավայր, մշակութային եւ ընկերային բազմաբնոյթ գործառոյթներով։

Ութ յարկանի շէնքի կառուցումն ինքնին մտածելակերպի փոփոխութեան հետեւանք էր․ երբ Մշակութային Ընկերակցութիւնը կը հիմնուէր՝ աւարտելու մօտ էր համաշխարհային Բ․ պատերազմը, իսկ անոր արդիւնքը չէր խոստանար շուտափոյթ լուծում ո՛չ հայրենազրկուած զանգուածներուն, ոչ ալ քաղաքական վտարանդի գործիչներուն։ Կացութեան անփոփոխ մնալով հարկ էր մտածել աւելի երկարատեւ կեցութեան մասին։ Հարկ էր հոգալ նոր սերունդներու գաղափարական, քաղաքական, մշակութային պատրաստութիւնը, մարդուժը, պատրաստ գտնուելով հայրենիք վերադարձի ժամուն։ 

Նման ծաւալի նախագիծ իրականացնելու զսպանակը Աւետեաց Երկրով ապրող եւ գործող ներգործուն հայու տեսակի երկարակեցութիւնը ապահովելու կանխահոգութիւնն էր։

Հայրենադարձի կոչը հնչեց շէնքի շինարարութեան աւարտէն առաջ։ Դաշնակցութիւնն իրեն դիմողներուն յորդորեց օգտուիլ այս հնարաւորութենէն՝ առանց զոհ դառնալու խորհրդային քարոզչութեան, քաջ գիտակցելով որ իրենց կը սպասէ չարքաշ եւ տքնաջան աշխատանք։ 

«Յուսաբեր»ի Տան բացումը կատարուեցաւ թերաւարտ թատերասրահին մէջ՝ 1951 Մայիսի 28-ին (Նկարը տեսնել Բ. էջ), խուռներամ բազմութեան ներկայութեան, որոնցմէ շատեր ներդրում ունեցած էին շինութեանը եւ կահաւորմանը, բաժին հանելով իրենց ճակտի քրտինքով վաստկածէն։ Այո՛, այս նախագիծը ժողովրդական մասնակցութիւն ապահոված էր, իբրեւ հանրային համակամութեան, գաղափարի եւ նպատակներու բաժնեկից ըլլալու ապացոյց կազմակերպութեան։

Մինչեւ յիսունականներու սկիզբի ծնունդ մեր սերունդը վկայեց կենսունակութիւնը շինութեան առաքելութեան, թէեւ ոչ այնքանով, որքանով զինք նախորդածները, որոնք վայելած էին կիրակնօրեայ երաժշտական ցերեկոյթներէն մինչեւ լսարանները, թատերական ներկայացումներն ու հանդիսութիւնները, չհաշուած կուսակցական եւ միութենական կեանքի հեւքը, «Յուսաբեր»ի խմբագրատուն խմբուած մտաւորական աստղաբոյլի հմայքը։ 

Մտաւորական աւագ սերունդի տերեւաթափին առընթեր արտագաղթի ալիքի բարձրացումը վաթսունականներուն, այլոց քաղաքի կեդրոնական թաղամասերէն Հելիոպոլիս արուարձան տեղափոխութիւնը, մինչ մտածել տուած էին երկրորդ ակումբ մը կառուցել այնտեղ՝ մարզադաշտով եւ սկաուտական հաւաքներու յարմարութեամբ, հետզհետէ կը սկսէին մնացողներուն ուսերուն աւելի ու աւելի ծանրանալ պատասխանատւութիւնները. եօթանասունականներու կէսերէն ետք մշակութային եւ ընկերային ձեռ- նարկները, հաւաքոյթները միայն Հելիոպոլսոյ ակումբը սկսան կայանալ, մինչ կուսակցական-վարչական կեդրոնը կը շարունակէր «Յուսաբեր»ի Տունը մնալ։ Ներկայիս՝ թերթի խմբագրատունն է որ անուանապէս կը մնայ այնտեղ, աւելի շատ՝ վարչական գրասենեակ։ 

Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, իրողութիւններու այս ներ- կայացումը փորձառութիւն մը փոխանցելու բնաւորութիւնն ունի։ 

Պատրաստուած մարդուժն է որ կը շնչաւորէ կառոյց մը, որ այլապէս սովորական, թէկուզ թանկարժէք կալուած մըն է։ Պատրաստուած մարդուժ չ’ենթադրէր միայն կրթութիւն, մասնագիտութիւն, որոնք անկասկած որակ, ձեռնհասութիւն կ’ապահովեն։ Անոնց կողքին ազգային-գաղափարական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային գործին մէջ անփոխարինելի կը մնան ամուր համոզումն ու հաւատքը, նախաձեռնողականութիւնը, նուիրումը։ 

Ունենալու համար այս որակներուն տէր ներգործուն, եղանակ ստեղծող խումբ, կարեւոր է ինչպէս թուաքանակը, այնպէս ալ զանոնք յղկողը, պատ- րաստողը, ընտանիքէն վարժարան ու ակումբ։

Այսօր «Յուսաբեր» իր զոյգ շէնքերով կրնայ հայոց անցեալ փառքին մաս կազմել, ինչպէս կրնայ ապագայ փառքեր կերտելու նախադրեալ դառնալ, եթէ ոչ առանձինն, ապա համադրաբար մօտիկ թէ հեռաւոր գաղափարակից միաւորներու։ 

Կը պահանջուի յստակատեսութիւն, ճիշդ գնահատում եւ դրական աշխատանք, օրուան թելադրանքին ընդառաջ վերարժեւորելու շէնքերը կանգնած սերունդներու վաստակը եւ ներդնելու զայն գաղափարական նոյն՝ միացեալ Հայաստան, միացեալ հայութիւն հանգանակի իրագործման ի սպաս։

Զաւէն Լիյլոզեան