image

Հայաստանը մօտ է այն կէտին, երբ Ռուսիան ստիպուած պիտի ըլլայ վերակառուցելու յարաբերութիւնները անոր հետ․ Օվերչուք

Հայաստանը մօտ է այն կէտին, երբ Ռուսիան ստիպուած պիտի ըլլայ վերակառուցելու յարաբերութիւնները անոր հետ․ Օվերչուք

Հայաստանը շատ մօտ է այն կէտին, երբ Ռուսիան ստիպուած պիտի ըլլայ վերակառուցելու իր տնտեսական յարաբերութիւնները անոր հետ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։

Ռուսիոյ փոխվարչապետը այս մասին յայտնած է այն ժամանակ, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով գտնուած է Մոսկուա։

Օվերչուք նշած է, որ երկկողմ հանդիպումներուն ժամանակ, ինչպէս նաեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանածիրէն ներս, «հայ ղեկավարները կը խօսին Ռուսիոյ հետ բարեկամութեան մասին եւ կը խոստանան իրենց հաւատարմութիւնը ԵԱՏՄ-ին»։

«Մեր կողմէ քննարկումները անկեղծ են եւ միշտ յարգալից։ Միեւնոյն ժամանակ, համեմատելով խօսքերը գործողութիւններուն հետ, կ՚եզրակացնենք, որ մեր գործընկերները շատ մօտ են այն կէտին, երբ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք վերակառուցելու մեր տնտեսական յարաբերութիւնները այս երկրին հետ»,- ըսած է Օվերչուք։ Ան նշած է, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը, իր լիազօրութիւններուն ուժով, «մտահոգուած է Հայաստանի հետ առեւտրատնտեսական կապերու ապագային հեռանկարներով»։

«Հաշուի առնելով արտօնութեան վաճառքի մասին յայտարարութիւնը, տարածաշրջանային ընդհանուր ըմբռնումը եւ Հայաստանի ղեկավարութեան ԵՄ-ի հետ մերձեցման քաղաքականութիւնը, լուրջ հարցեր կ՚առաջանան անոնց ապագային վերաբերեալ»,– յայտնած է ան։

«Ռուսիան եւ Հայաստանը 2025 թուականին փոխադարձ առեւտուրի մէջ կորսնցուցած են 5,1 միլիառ տոլար՝ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման մասին խօսակցութիւններուն պատճառով: 2024 թուականի Սեպտեմբերին մենք մեր հայ գործընկերներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցինք այն փաստին վրայ, որ ԵՄ անդամակցութեան ձգտման մասին անոնց խօսակցութիւնները բացասաբար կ՚անդրադառնային ռուս ձեռնարկատէրերու վերաբերմունքին վրայ Հայաստանի հետ առեւտուրի նկատմամբ: Միայն ԵՄ-ի հետ մերձեցման մասին այս խօսակցութիւնները ռուս-հայաստանեան յարաբերութիւններուն արժած են իրական 5,1 միլիառ տոլար»,- նշած է ան։