image

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները հանդիպած են Սիւնիքի մարզի եւ Զանգելանի (Կովսական) հարաւային մասերուն մէջ

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները հանդիպած են Սիւնիքի մարզի եւ Զանգելանի  (Կովսական) հարաւային մասերուն մէջ

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու պատուիրակութիւնները հանդիպած են երկու երկիրներու մերձսահմանային հատուածներուն՝ Սիւնիքի մարզի եւ Զանգելանի շրջանի հարաւային մասերուն մէջ, «Ազատութեան» գրաւոր հարցմանն ի պատասխան յայտնած են փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն: 

Պատուիրակութիւններու կազմին մէջ ընդգրկուած եղած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Տարածքային կառավարման նախարարութեան ներկայացուցիչներ:

Թէ յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ օրակարգով նախատեսուած է, փոխվարչապետի գրասենեակէն յստակ չեն արձագանգած՝ նշելով միայն, որ սա դեռ քննարկման փուլի մէջ է: