Անցեալ շաբաթ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու պատուիրակութիւնները հանդիպած են երկու երկիրներու մերձսահմանային հատուածներուն՝ Սիւնիքի մարզի եւ Զանգելանի շրջանի հարաւային մասերուն մէջ, «Ազատութեան» գրաւոր հարցմանն ի պատասխան յայտնած են փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն:
Պատուիրակութիւններու կազմին մէջ ընդգրկուած եղած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Տարածքային կառավարման նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
Թէ յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ օրակարգով նախատեսուած է, փոխվարչապետի գրասենեակէն յստակ չեն արձագանգած՝ նշելով միայն, որ սա դեռ քննարկման փուլի մէջ է: