Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցած են իշխանութիւններուն կողմէ ընդդիմութեան նկատմամբ գործադրուած աննախադէպ ճնշումներու եւ Արեւմուտքի աննախադէպ միջամտութեան պայմաններուն տակ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Աննախադէպ ճնշում ընդդիմութեան նկատմամբ։ Մէկ կողմէ, սա այն է, ինչ յստակօրէն կը գործադրէին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ որպէս հայեցակարգ։ Եւ Արեւմուտքի միջամտութիւնը նոյնքան աննախադէպ է, իմ կարծիքով, այս տարածաշրջանին համար՝ ընտրական գործընթացներու շրջածիրէն ներս»,– ըսած է Զախարովան՝ մեկնաբանելով կայացած ընտրութիւնները։