image

Նաթանիահուի պլոքը Քնեսեթի ընտրութիւններուն ստացած է 53 տեղ

Նաթանիահուի պլոքը Քնեսեթի ընտրութիւններուն ստացած է 53 տեղ

Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի «Լիքուտ» կուսակցութեան գլխաւորած իշխող դաշինքը առաջատար դիրք գրաւած է Իսրայէլի ընտրութիւններուն մէջ։ Այս մասին հաղորդած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը՝ քուէներուն 100 տոկոսին հաշուարկէն ետք։

Դաշինքը կը ստանայ Քնեսէթի 53 աթոռ, մինչդեռ ընդդիմադիր ուժերը՝ 48։ Արաբական կուսակցութիւններու ցանկը 19 աթոռով կը գրաւէ երրորդ դիրքը։ Այսպիսով, 120 անդամ ունեցող խորհրդարանին մէջ կառավարութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը (61 աթոռ) չէ ապահոված քաղաքական դաշինքներէն ոչ մէկը։

 

Ինչպէս կը նախատեսուի, ընտրութիւններուն պաշտօնական վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին ոչ ուշ, քան Նոյեմբեր 4-ը՝ բողոքարկումներու քննարկման աւարտէն ետք։ Արդիւնքներու հրապարակումէն ետք Իսրայէլի նախագահ Իսահաք Հերցոկ խորհրդակցութիւններ պիտի սկսի Քնեսէթ մուտք գործած կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որմէ ետք պատգամաւորներէն մէկուն պիտի յանձնարարուի նոր կառավարական դաշինք կազմել։

Կառավարութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ է Քնեսէթի առնուազն 61 աթոռները վերահսկող դաշինք, որուն տակաւին չէ յաջողած հասնիլ քաղաքական ուժերէն ոչ մէկը։ Վարչապետի թեկնածու կը դառնայ, որպէս կանոն, խորհրդարանական ամէնէն մեծ թիւով աթոռներ ապահոված կուսակցութեան առաջնորդը։ Սակայն նախագահը կրնայ կառավարութիւն կազմելու յանձնարարութիւնը տալ նաեւ այն քաղաքական գործիչին, որուն կուսակցութիւնը ամէնէն շատ քուէները չէ ստացած, բայց ի վիճակի է կառավարական դաշինք կազմելու։

Վարչապետի պաշտօնին առաջին թեկնածուին պիտի տրամադրուի 28 օր՝ կառավարութիւն կազմելու համար, երկու շաբաթով երկարաձգելու կարելիութեամբ։ Ձախողութեան պարագային նախագահը այդ իրաւունքը պիտի փոխանցէ այլ պատգամաւորի, որուն պիտի տրամադրուի երկու շաբաթ՝ առանց ժամկէտը երկարաձգելու կարելիութեան։

Եթէ պատգամաւորներէն ոչ մէկը յաջողի կայուն կառավարական դաշինք կազմել, ապա 90 օր ետք պիտի նշանակուին նոր ընտրութիւններ։ Մինչեւ նոր կառավարութեան երդման արարողութիւնը Նաթանիահու պիտի շարունակէ գլխաւորել Իսրայէլի կառավարութիւնը։