image

Հայաստանի մէջ սգոյ օր պիտի յայտարարուի

Հայաստանի մէջ սգոյ օր պիտի յայտարարուի

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումի կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սգոյ օր պիտի յայտարարուի: Այս մասին յայտնած են կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Սգոյ օրուայ յստակ ամսաթիւը դեռ յայտնի չէ, կառավարութենէն ըսած են, որ այն պիտի ըլլայ մօտակայ օրերուն, հաւանաբար՝ փրկարարական աշխատանքներու ավարտէն ետք:

Յիշեցնենք՝ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթում տեղի ունեցած է 14 օգոստոսին՝ մօտաւորապէս 13։23-ին։

Զոհուած է 16 քաղաքացի։ 18 քաղաքացի անհետ կորած կը համարուի: Տարբեր հիւանդանոցներու մէջ բուժումը կը շարունակէ 12 տուժած։

Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն կը մասնակցի 350 փրկարար, 150 կամաւոր։

Որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։