image

Հայաստանի մէջ. Առանց տեղումներու եղանակ

Հայաստանի մէջ. Առանց տեղումներու եղանակ

 

Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 31-ի ցերեկը եւ Նոյեմբեր 1-4-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Նոյեմբեր 5-ին կը սպասուի անձրեւ, հաւանական է նաեւ ամպրոպ։ 

Հանրապետութեան տարածքին Հոկտեմբեր 31-ի ցերեկը, Նոյեմբեր 1-ին, 2-ի, 3-ի եւ 4-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Նոյեմբեր 2-ի, 3-ի եւ 4-ի ցերեկը, ինչպէս նաեւ 5-ին, առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի անձրեւ, հաւանական է նաեւ ամպրոպ։

Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան, 2-5 մեթր/վայրկեան արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը Հոկտեմբեր 31-ի ցերեկը Լոռիի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի մէջ պիտի բարձրանայ 5-7, իսկ միւս շրջաններուն մէջ՝ 2-4 աստիճանով։