Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչն իր խումբի հետ այցելած է Կարս։
«Gazetekars»-ի հաղորդմամբ՝ Քըլըչ այցելած է Հայաստանի հետ սահմանին գտնուող Անիի աւերակներ, Կարսին յարակից Պողաթեֆէ գիւղին մէջ գործող Պանրի թանգարան, Կարսի մէջ գտնուող Պատերազմի պատմութեան թանգարան, Աքիաքա գիւղի չգործող անցակէտ, որմէ քիչ հեռաւորութեան վրայ Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղն ու հայկական կողմի անցակէտն են։ Կը հաղորդուի, որ Քըլըչ որոշ հանդիպումներ ունեցած է։
Օրեր առաջ նոյն լրատուամիջոցը հաղորդած էր Հայաստանի հետ սահմանակից հատուածին իսրայէլեան ընկերութեան կողմէ ականազերծման աշխատանքներ կատարուելու մասին, որ պաշտօնապէս չէ հաստատուած։
Յիշեցնենք, որ 1 յուլիսին Հայաստանն ու Թուրքիան որոշած են բանալ ցամաքային սահմանը այլ երկիրներու քաղաքացիներու համար։
Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման շուրջ 30 տարի դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող ու փակ սահմաններով ապրող երկու երկիրներու բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըչը որոշած են մեկնարկել նաեւ Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումները:
Ըստ երկու արտաքին գործոց նախարարութիւններու` յատուկ ներկայացուցիչները քննարկած են յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հասնելու հնարաւոր քայլերը` ընդգծելով կարգաւորման գործընթացն առանց նախապայմաններու շարունակելու պայմանաւորուածութիւնը:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցամաքային սահմանը փակ է 1993 թուականէն: