image

«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու պետականացման ծրագիրը պատրաստ է. Փաշինեան

«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու պետականացման ծրագիրը պատրաստ է. Փաշինեան

«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ՓԲԸ պետականացման ծրագիրը պատրաստ է։ Այս մասին իր ընկերային ցանցի էջերուն միջոցաւ յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ շատ շուտով գործընթացը գործնական փուլ պիտի մտնէ։

«Պրոցեսները տեղի կ՚ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեանը համապատասխան»,- նշած է վարչապետը։

ՀԷՑ-ն ազգայնացնելու մտադրութեան մասին Փաշինեան առաջին անգամ յայտնած է այն բանէ ետք, երբ յունիս 17-ին ռուսաստանաբնակ գործարար Սամուէլ Կարապետեանը հարցազրոյցի մը մէջ իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին։ Իրաւապահները նախ խուզարկեցին Կարապետեանի երեւանեան առանձնատունը, անոր բերման ենթարկեցին, ապա դատարանը անոր կալանաւորեց երկու ամիսով։ Փաշինեանը յայտարարեց Կարապետեանին պատկանող Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր (ՀԷՑ) ընկերութիւնը ազգայնացնելու իր մտադրութեան մասին։

2015-էն «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը «Ինտեր ՌԱՕ» ընկերութենէն ձեռք բերած է ՀԷՑ-ը՝ ամբողջութեամբ իր վրայ վերցնելով ընկերութեան կառավարման պարտաւորութիւնը։