image

Իրանը Եմէնի «հուսիներուն» կոչ ըրած է պատրաստ ըլլալու Կարմիր ծովու փակման. Reuters

Իրանը Եմէնի «հուսիներուն» կոչ ըրած է պատրաստ ըլլալու Կարմիր ծովու փակման. Reuters

Իրանը Եմէնի «Հուսիներուն» կոչ ըրած է պատրաստ ըլլալու Կարմիր ծովը փակելուն, եթէ Միացեալ Նահանգները հարուածներ հասցնէ Իրանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն։ Այս մասին կը գրէ Reuters-ը։

Պարբերականը, յղում կատարելով երեք աղբիւրներու, նշած է, որ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ նշեալ հարցը արդէն քննարկուած է, եւ համապատասխան ուղերձը փոխանցուած է Իրանի դաշնակից «Հուսիներուն»։

Միեւնոյն ժամանակ, պարբերականի տեղեկութիւններով, տակաւին յայտնի չէ, թէ երբ եւ ի՛նչ միջոցներով Եմէնի «Հուսիները» ստացած են նշեալ կոչը։

Անորոշ կը մնայ նաեւ, թէ արդեօք այս պահանջը ներկայացուած է այն բանէ ետք, երբ յուլիս 14-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած էր Իրանին՝ հարուածներ հասցնել երկրի ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն։

Յիշեցնենք, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող «Հուսիները» կը վերահսկեն Եմէնի տարածքի զգալի մասը եւ յաճախակի յարձակումներ կը գործեն Կարմիր ծովով նաւարկող նաւերուն դէմ։