Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։
Նախագահ Մաքրոնը անգամ մը եւս շնորհաւորած է վարչապետ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակի առիթով՝ մաղթելով յաջողութիւններ առաջիկայ գործունէութեան ընթացքին։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան–Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր՝ վերահաստատելով երկկողմ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Մաքրոնին՝ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին շարունակական աջակցութեան համար: Վարչապետն ընդգծած է նաեւ երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման եւ Հայաստանի արտահանման հնարաւորութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան–Եւրոպական միութիւն գործընկերութեան խորացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն։
Քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը: Երկուստեք ընդգծուած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։