Սահմանադրական դատարանը իր աշխատակարգային որոշումով հաստատած է Սեդա Սաֆարեանի մասնակցութիւնը, որ չափազանց տարօրինակ է: Այս մասին 5-րդ ալիքի հետ զրոյցին ըսած է փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեանը:
Սեդա Սաֆարեանը 2021 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ «Բաբաջանեան-Շիրինեան» դաշինքի ցուցակով պատգամաւորի թեկնածու եղած է, այսինքն՝ ան Արման Բաբաջանեանի քաղաքական խմբակէն եղած է, իսկ Բաբաջանեանը Սահմանադրական դատարանի դիմումատու կը հանդիսանայ այժմ: