image
Հրատապ լուրեր:

ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցութեան ցուցանիշը՝ 25,4%-էն 68,8%․ առաջատարը՝ Ստեփանաւանը

ՏԻՄ ընտրութիւններուն մասնակցութեան ցուցանիշը՝ 25,4%-էն 68,8%․ առաջատարը՝ Ստեփանաւանը

Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ Հոկտեմբեր 25-ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցութեան ամենաբարձր ցուցանիշը արձանագրուած է Ստեփանաւանի մէջ՝ 68,83 %, իսկ ամենացածը՝ Ֆիոլեթովոյի մէջ՝ 25,39%։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ ժամը 20։00-ի դրութեամբ, 21 համայնքներու մէջ մասնակցութեան միջին ցուցանիշը կազմած է շուրջ 47,7%։

Մասնակցութեան բարձր ցուցանիշով Ստեփանաւանին կը յաջորդէ Վայոց Ձորի մարզի Եղեգնաձոր համայնքը, ուր քուէարկած է ընտրողներու 62,56%-ը։ Ամենացած մասնակցութեամբ երկրորդ համայնքը Արմաւիրն է՝ 36,73%։

Հոկտեմբեր 25-ին ընտրութիւններ տեղի ունեցած են Հայաստանի բոլոր 10 մարզերու մէջ գտնուող 21 համայնքներու մէջ։ Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ ընտրելու իրաւունք ունեցած է 477.721 քաղաքացի։ Գործած է 517 ընտրատեղամաս, որոնք բացուած են ժամը 08։00-ին եւ փակուած՝ ժամը 20։00-ին։

19 համայնքներու մէջ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են համամասնական ընտրակարգով, իսկ Ֆիոլետովոյի եւ Շամիրամի մէջ՝ մեծամասնական ընտրակարգով։ Համամասնական ընտրութիւններուն մասնակցած են 13 կուսակցութիւններու եւ չորս դաշինքներու 45 ընտրական ցուցակներ՝ ընդհանուր առմամբ 1.622 թեկնածուներով։

 

Քուէարկութեան աւարտէն ետք սկսած է ձայներու հաշուարկը։