Գլխաւոր դատախազութիւնը ընթացք տուած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանի դիմումին։ Այս մասին կը տեղեկանանք Դատախազութենէն։
Արամ Սարգսեան պահանջած է քննութեան առարկայ դարձնել «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան ենթակառոյցներու քանդման, բեռնափոխադրումներու ծաւալներու եւ աշխատակիցներու թիւի կրճատման հանգամանքները, ինչպէս նաեւ հնարաւոր խախտումները։
Ան նաեւ պահանջած է, որ յանցագործութեան յատկանիշներու առկայութեան պարագային նախաձեռնուի քրէական վարոյթ։