image

Հայաստան բացառիկ յաղթանակ մը արձանագրեց՝ Ռումանիոյ դէմ

Հայաստան բացառիկ յաղթանակ մը արձանագրեց՝ Ռումանիոյ դէմ

Ֆութպոլի ազգային ընտրանին այսօր հերթական յաղթանակը տարաւ Աշխարհի առաջնութեան ընտրական փուլին:

Հայաստանի հաւաքականը սեփական յարկի տակ ընդունած էր Ռումանիոյ ընտրանին։ Առաջին խաղակէսին կոլեր չգրանցուեցան, սակայն երկրորդ խաղակէսը կոլառատ էր:

Խաղի հաշիւը 56-րդ վայրկեանին բացաւ հաւաքականի կազմին մէջ իր նորամուտը նշող Էտուարտ Սպերցեանը: Խաղի 62-րդ վայրկեանին Ալեքսանտրու Չիքալտաուն հաւասարեցուց հաշիւը, այնուհետեւ 72-րդ վայրկեանին  «տուպլ» ձեւակերպեց:

77-րդ վայրկեանին Ալեքսանտրու Փուշկաշը հեռացուեցաւ խաղադաշտէն կոպիտ խախտման համար: 10- հոգիով մնացած ռումանացիները չկարցան դիմակայել Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստներու ճնշման. խաղի 87-րդ վայրկեանին Վարազդատ Հարոյեանը  հաշիւը հաւասարեցուց, իսկ 89-րդ վայրկեանին Տիգրան Բարսեղեանը  յաջող իրացուց 11 մեթրանոց հարուածը՝ հաշիւը դարձնելով 3:2:

Այս պահուն Հայաստանի ընտրանին 9 միաւորով կը գլխաւորէ J խումբի մրցարաշարային աղիւսակը: