image

Համերգ նուիրուած տաղանդաւոր խմբավար՝ Խորէն Մէխանէճեանին. Ներկայ եղած է Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան

Համերգ նուիրուած տաղանդաւոր խմբավար՝ Խորէն Մէխանէճեանին. Ներկայ եղած է Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ արժանաւոր եւ եռանդուն հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան ներկայ գտնուած է «Սրտի օրհներգներ» համերգին, որ նուիրուած է երգահան եւ խմբավար՝ Մաէստրօ Խորէն Մէխանէճեանին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւելեան Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած 

Ուրբաթ, 15 Մարտին, Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. ՝ Լագիսեան, ընկերակցութեամբ Սբ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն խումբի մը ներկայ գտնուեցան Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի մէջ տեղի ունեցած «Սրտի օրհներգներ» համերգին, որ նուիրուած էր երգահան եւ խմբավար՝ Մաէստրօ Խորէն Մէխանէճեանին եւ անոր՝ «Խորէնեան Սուրբ Պատարագ»ի ստեղծագործութեան 40 ամեակին։ Խորէն Մէխանէճեան Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգին համար գանձ մըն է, ինչպէս նաեւ բարեկամ՝ Սբ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ։

Նշենք նաեւ, որ այդ համերգին մենակատարներն էին խմբավար՝ Անահիտ Զաքարեանը եւ ՝ Յասմիկ Մէխանէճեանն ու Վաղարշակ Օհանեանը։

Լուսանկարին մէջ՝ Տէր Մեսրոպ Լագիսեան , Երէցկին Օժին Լագիսեան, Մաէստրօ Խորէն Մէխանէճեան, Արմէն Մորեան, տիկին Ֆլորա Մէխանէճեան, Անահիտ Զաքարեան, Վիքի-Շողակ Յովհաննէսեան եւ Յասմիկ Մէխանէճեան: