Օրերս Գահիրէի մէջ հանդիպում մը կայացած է Եգիպտոսի ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեանի եւ փոխվարչապետ՝ Եգիպտոսի առողջապահութեան եւ մարդկային ներուժի զարգացման նախարար՝ Դոկտ. Խալէտ Ապտ Ալղաֆֆարի հետ, մարդկային ներուժի զարգացման նիւթով։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են առողջապահական տարբեր ոլորտներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան ներկայ վիճակը եւ ապագայի զարգացման հեռանկարները։
Երկու կողմերն ալ շեշտած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ոլորտային համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման համար առկայ հիմնական պահանջները եւ այն մեծ ներուժը, որ կը մնայ չօգտագործուած։ Այս առումով երկու զրուցակիցները յատկապէս կարեւորած են բարձր մակարդակի փոխ այցելութիւններու աշխուժացումը, օրինական հիմքի (իրաւապայմանագրի) ընդլայնման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու մասնագիտական եւ գործարար ընկերութիւններու միջեւ համագործակցութեան աշխուժացման ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու կարեւորութիւնը։