Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Քամերունի մէջ պարէնային համաշխարհային անվտանգութեան հարցով հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ պարէնային ճգնաժամն աւելի երկար պիտի տեւէ, քան ուքրանական հակամարտութիւնը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։
«Վեց, տասներկու, տասնութ ամիս ետք պատերազմի հետեւանքները պիտի չանհետանան»,- ըսած է Մաքրոն։
Նախագահն ընդգծած է, որ ատոր նախապատրաստուելով՝ անհրաժեշտ է շարունակել բնակչութեան որակեալ արտադրանք մատակարարել եւ զարգացնել կայուն գիւղատնտեսութիւնը։