Ֆրանսական լիսէականներու կազմակերպութիւնները կոչ կ՚ընեն բողոքի ցոյցերը շարունակելու Հոկտեմբեր 31-ին եւ Նոյեմբեր 5-ին, հակառակ վարչապետ Սեպասթիան Լըքորնիւի հետ բանակցութիւններէն ետք արձանագրուած որոշ առաջընթացին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Le Figaro թերթը։
«Մենք մինչեւ վերջ պիտի երթանք։ Կոչ կ՚ընենք բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու Հոկտեմբեր 31-ին եւ Նոյեմբեր 5-ին», յայտարարած է «Լիսէականներ» կազմակերպութեան փոխնախագահ Լուի Լըթուպլոնը։
Ան կը կարծէ՝ իշխանութիւնները շփոթի մատնուած են, եւ ցուցարարները պէտք է օգտուին այս իրավիճակէն՝ «լիսէականներու իրաւունքները պաշտպանելու առաւելագոյն հնարաւորութիւնները ձեռք ձգելու համար»։
Հոկտեմբեր 26-ին Ֆրանսայի վարչապետը, Ազգային կրթութեան նախարար Էտուար Ժեֆրէն եւ Բարձրագոյն կրթութեան նախարար Ֆիլիփ Պաթիսթը ընդունած են նախ լիսէականներու, ապա՝ ուսանողական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։
Ժեֆրէն Հոկտեմբեր 26-ին յայտարարած է կրթական հաստատութիւններուն մէջ նախատեսուած 836 աշխատատեղերու կրճատումը չեղարկելու եւ լիսէներուն մէջ ուսուցիչներու համար 500 նոր աշխատատեղեր ստեղծելու մասին։
Բացի այդ, լիսէներու դասարաններուն մէջ աշակերտներու թիւը պիտի սահմանափակուի 28-ով։ Մինչեւ 2027-ի ուսումնական տարուան սկիզբը այս փոփոխութիւնը պիտի իրականացուի այն լիսէներուն 50 տոկոսին մէջ, ուր կացութիւնը առաւել բարդ է, իսկ 2028-ի ուսումնական տարիէն սկսեալ՝ միւս բոլոր լիսէներուն մէջ։