Աշխարհը երբեմն պէտք ունի ոչ թէ նոր քարտէսի, այլ՝ հին խաբէութիւնները ջնջող ձեռքԻ մը։ Որովհետեւ քարտէսները միայն ցամաքամասեր չեն չափեր․ անոնք նաեւ ուժ կը չափեն, ազդեցութիւն կը բաշխեն եւ, երբեմն, մեծը՝ աւելի մեծ, փոքրը՝ աւելի փոքր կը ներկայացնեն։ Ու երբ այդ պատկերը դարերով կրկնուի, ի վերջոյ մարդիկ կը սկսին մտածել, թէ խեղաթիւրուածը իրականութիւնն է։
457 տարի շարունակ աշխարհը նայեցաւ Մերքաթորի քարտէսին եւ ապրեցաւ անոր չափերով։ Ոչ ոք շատ չանհանգստացաւ, թէ ոմանք քարտէսին վրայ ուռճացած են, ուրիշներ՝ նիհարեցուած։ Կարեւորը՝ քարտէսը կար, հեղինակութիւնը կար, իսկ մնացեալը՝ «այդպէս է ընդունուած» տրամաբանութիւնն էր։
Մինչեւ որ մէկ օր, մէկը համարձակեցաւ ըսել՝ բաւ է՛։
Եւ ահա այստեղ քարտէսը կը դադրի աշխարհագրութիւն ըլլալէ եւ կը դառնայ քաղաքականութիւն։ Որովհետեւ աշխարհի պատմութեան մէջ քանի՜ անգամ տեսած ենք նոյն երեւոյթը․ փոքրերը մեծցուած են, մեծերը՝ փոքրացուած, իսկ խեղաթիւրումը այնքան երկար կրկնուած է, որ անոր անունը դրուած է «իրականութիւն»։
Թերեւս ամենամեծ դասը այս է․ ճշմարտութիւնը քուէարկութեան կարիք չունի, բայց երբեմն անոր վերադարձը կ՚ենթադրէ քուէարկութիւն։
Այս թեման հրապարակ հանած է Լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
4 Սեպտեմբեր 2026-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը որոշումով մը հաստատեց տարօրինակ որոշում մը։ Որոշումը այս, որոշումի ուժ ստացաւ Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու 164 թեր, 1 դէմ, եւ 6 ձեռնպահ քուէարկութեամբ։
Որոշումը տարօրինակ էր այն առումով, որ իր բանաձեւումով կը հաստատէր Երկիր Մոլորակի վրայ գոյութիւն ունեցող ցամաքամասերու նոր չափագրուած քարտէս մը, որ կու գար սրբագրելու ցարդ՝ աւելի քան 450 տարուայ գործածուած Աշխարհի քարտէսին չափագրութիւնը, որուն կը տրուէր Մերքաթոր անունը՝ 1569-ին այդ քարտէսը գծողին՝ Ճերարտոս Մերքաթոր անուամբ։
Քարտէսի գծագրութիւնը սրբագրելու առաջարկը եղած էր Ափրիկեան երկիրներէն՝ Թոկոյի կողմէ, դէմ քուէարկած մէկ երկիր՝ Ամերիկայի Միացուած Նահանգները, որ այս օրերուն կ՚ապրի իր ղեկավարին ապրած կեանքին պէս՝ ոչ նախանձելի իրավիճակով։
Այս նոր քարտէսին մէջ հսկայական փոփոխութիւննր կան, որոնց ամենայատկանշականը՝ Ափրիկէի ֆիզիքական չափն է, որ նախապէս իր իսկական չափէն շատ աւելի փոքր ներկայացուած էր, իսկ Ասիան, որ ներկայացուած էր հսկայ, նոր քարտէսով կը զիջի այդ չափը, եւ կը ներկայանայ աւելի կոկիկ եւ սեղմ, ինչպէս էր այս տողերը գրողը՝ երբ 20 տարեկան էր։ Խոշոր տեսքով Այսլէնտը աչք աչքի կը դնէ իրականութեան հետ եւ կ՚ընդունի իր իրակա՛ն չափը, տարածքը՝ հին քարտէսէն 4 կամ 5 անգամ փոքր։ Եւ այսպէս շատեր, պահելով հանդերձ իրենց երկիրներուն թուային չափերը կու գան հաստատելու, թէ սխալ բան մը կար, եւ այդ սխալը սրբագրելը անհրաժեշտութիւն էր։
Քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը առանց ըսելու «Ժամանակը չէ», «Աշխարհը ի՞նչ պիտի ըսէ», «Աշխարհը վրանի՞ս խնդացնենք», «Հելէ հիմա եղածին պէս ձգենք», «Նայինք», «Կը խօսինք», «Մերքաթորին սխալը մե՞նք սրբագրենք», «Թոկոն ո՞վ է որ»... մերժեց 457 տարուայ սխալը, որ ձեւով մը խաբած էր համայն մարդկութիւնը. աւելի՛ն, նոյնինքն ՄԱԿի դրօշակը, որ կապոյտ ֆոնի վրայ Աշխարհի քարտէսն է, ուրեմն, սխալով ներկայացուած է։
Ահաւասիկ, այս պատմութիւնը կու գայ անգամ մը եւս փաստելու, որ սուտը եւ կեղծիքը, (անկախ՝ քողարկուած ի՛նչ տարազով որ ներկայացուած են՝ «սխալ», «անփութութիւն» եւայլն), չունին արդարացում, եւ օր մը՝ նոյնիսկ 500 տարի ետք պիտի սրբագրուին։ Ինչ ինչ բաներ կան, որոնք էութեամբ փոքրիկ են, բայց ինչ ինչ պատճառներով ներկայացուած են մեծ՝ հսկա՛յ չափերով, եւ ինչ ինչ մեծ բաներ կան, որոնք չեն ստացած իրենց արդար արժեւորումը, այդ իրականութիւնը խեղաթիւրողներուն հոգիներուն չափով, ներկայացուած են... փոքր։
.jpg)