image

Քրիսթինա Ակիլերան իր մերկ լուսանկարը հրապարակած է (Լուսանկար)

Քրիսթինա Ակիլերան իր մերկ լուսանկարը հրապարակած է (Լուսանկար)

Քրիսթինա Ակիլերա Հելոուինի ընդառաջ որոշած է զարմացնել իր հետեւորդները։ Երգչուհին Instagram-ի իր էջին գրեթէ ամբողջութեամբ մերկ լուսանկար հրապարակած է՝ քիչ բան ձգելով երեւակայութեան։

Երգչուհին լուսանկարուած է լոգարանին մէջ՝ հայելիին առջեւ սելֆի ներկայացնելով։ Ան կուրծքի պտուկները ծածկած է պատկերանշաններով (emoji), իսկ մարմինին մէկ մասը՝ լոգարանով։

«Իմ վերջին կերպարս՝ մինչեւ Xtinaween-ը», կատակած է Ակիլերա։

Instagram-ի բազմաթիւ օգտատէրեր գովեստի խօսքեր գրած են երգչուհիին գեղեցիկ կազմուածքին մասին։ Մեկնաբաններէն մէկն ալ յոյս յայտնած է, որ այս տարուան Հելոուինի անոր զգեստաւորումը պիտի կրէ հետեւեալ խորագիրը՝ «Փոփ աստղը նոր երգ կը հրապարակէ»՝ այսպիսով ակնարկելով, որ երկրպագուները անկէ նոր երգերու կը սպասեն։