image

Ֆրանսան՝ Հայաստանին. Երկխօսութեան կոչ

Ֆրանսան՝ Հայաստանին. Երկխօսութեան կոչ

 

Ֆրանսայի ԱԳՆ ղեկավար Ժան-Իվ Լը Տրիանը Հայաստանի մէջ բոլոր կողմերուն երկխօսութեան կոչ ըրած է՝ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամը կարգաւորելու համար, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը՝ յղում ընելով ֆրանսական լրատուամիջոցներուն:

 

Փարիզի մէջ իր ուքրանացի գործընկեր Տմիթրի Քուլեպայի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ նախարարը «յանուն ժողովրդավարութեան պահպանման» երկխօսութեան կոչ ըրած է: «Ֆրանսան յոյս ունի, որ այդ երկրին մէջ երկխօսութիւն կը սկսի՝ հիմնուած նախագահի եւ վարչապետի լեկիթիմութեան (օրինականութեան) վրայ…Հայաստանի ժողովրդավարութեան հիմքերը պէտք է պաշտպանուին»,-նշած է ան: