Օրերս, մասնաւոր հանդիսաւորութեամբ մը Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին շնորհուած է «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ի Պատուոյ անդամի տիտղոսը՝ Դպրանոցի «Աւագ Հսկիչ» (Guardian grando) Դոկտ. Մարիոյ Փոյի կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
31 Յունուար Շաբաթ երեկոյեան, մասնաւոր հանդիսաւորութեամբ մը Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին շնորհուեցաւ «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ի Պատուոյ անդամի տիտղոսը՝ Դպրանոցի «Աւագ Հսկիչ» (Guardian grando) Դոկտ. Մարիոյ Փոյի կողմէ։ Ներկայ էին դպրանոցի բազում անդամներ եւ բարեկամներու բազմութիւն մը, որոնք կը լեցնէին՝ Կարօտեալներու Ս. Ղազար եկեղեցին (San Lazzaro dei Mendicanti)։
Լեւոն Արք. Զէքիեան անուանուեցաւ Պատուոյ անդամ Վենետիկի պատմական կարեւորագոյն հաստատատութիւններէն «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ին (Scuola Grande di San Marco)։
Այս առթիւ ինքը Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան մատուցանեց հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, մասնակցութեամբ Ս. Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքի Հայրերուն ու Եղբայրներուն եւ երգեցողութեամբ՝ Ս. Մարկոսի Մայր տաճարի փոխ-խմբավար Մաէստրոյ Ճասթին Ռափաչիոլիի վարած երգչախումին։ Ճասթին Ռափաչիոլի առաջին կինն է որ, եօթը հարիւր տարիներէ ի վեր, արժանի նկատուած է այս յոյժ պատուաբեր պաշտօնին։
Իր քարոզին մէջ Գերպ. Զէքիեան անդրադարձաւ Վենետիկի եւ Հայութեան հազարամեայ կապերուն, որոնց պսակը եղած է Մխիթար Աբբահօր եւ իր Միաբանութեան վայելած բացառիկ հիւրընկալութիւնը Վենետիկի մէջ։ Ան ընդգծեց որ իրեն ընծայուած այս պատիւը ինք կը նկատէ որպէս ընծայուած Մխիթարի տան, որ եղած է իր հոգեւոր օրրանը, եւ Մխիթարի տան ընդմէջէն՝ համայն Հայութեան։
Այս առթիւ, մասնաւոր հրաւէրով Վիեննայէն Վենետիկ ժամանած էր յայտնի տուտուկահար, մաէսթրօ Արամ Իփէկճեան, որ Ս. Պատարագի սկսզբնաւորութեան եւ որոշ պահերուն տուտուկի հոգեպարար նուագը ընծայեց, կատարելով ի միջի այլոց, Տիեզերական Վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն հաւուն»ը՝ մինչ Պատարագիչը կը կարդար նոյն Նարեկացիի հոգեբուխ աղօթքը Ս. Հոգւոյն ուղղուած, յատուկ՝ եպիսկոպոսական հանդիսադրութեան։
***
«Սքուոլա» կամ «Սքոլա»ները Վենետիկեան Հասարակապետութեան մէջ աշխարհականներու եղբայրակցութիւններ էին, որոնցմէ եօթը հատը «մեծ» որակումը կը կրէին իրենց բացառիկ կարեւորութեամբ, եւ որոնք կը գործէին որպէս մշակութային, գեղարուեստական, արհեստաւորական ճեմարաններ կամ ակումբներ։ Անոնք միանգամայն որպէս ընկերային օժանդակութեան, գթասիրութեան եւ զօրակցութեան կեդրոններ էին, ուր հեղինակաւոր վարպետներու առաջնորդութեամբ կը դարբնուէին արուեստագէտներու, մտաւորական գործիչներու, կարեւոր արհեստաւորներու սերունդները։
Այդ դպրանոցները միանգամայն կրօնական եւ հոգեւոր կեանքի բովեր էին իրենց անդամներուն համար, իւրաքանչիւրը՝ իր յատուկ կանոնագրութեամբ։ Գործնականին մէջ անոնք կերտեցին Վենետիկի համաշխարհային չափանիշով ակնառու եւ գագաթնադիր արուեստն ու մշակոյթը։
Վենետիկ, 1 Փետրուար
ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ