«Թրամփի ուղի»ի հարցը կը բարձրացուի Ռուսիա-Հայաստան բարձր մակարդակի երկխօսութեան շրջածիրէն ներս։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»ի «Աբովեան Time» հաղորդաշարի եթերին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։
«Այդ հարցը, բնականաբար, կը քննարկուի բարձր մակարդակի երկխօսութեան շրջածիրէն ներս։ Ամէն պարագայի, այդ թեման չի կրնար չբարձրացուիլ։ Ես այստեղ կը յիշեցնեմ Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, որ այդ հարցը կը քննարկուի միայն ԱՄՆ-ի հետ։ Բայց թեման կարեւոր է, եւ այն, ի հարկէ, չի կրնար չարծարծուիլ մեր երկխօսութեան շրջածիրէն ներս», -ըսած է դիւանագէտը։
Ան նաեւ յիշեցուցած է Մոսկուայի հիմնարար դիրքորոշումը, որ հնչած է քաղաքական տարբեր մակարդակներով, որն է՝ Ռուսիան կ՚աջակցի դէպի իրական խաղաղութիւն, իրավիճակի կայունացում, տարածաշրջանի բարգաւաճում տանող որեւէ քայլի։
«Ինչ կը վերաբերի յստակ այսպէս կոչուած «Թրամփի ուղի»ին, մենք կը սպասենք գործարկման մանրամասնութիւններուն, մեխանիզմներու մասին աւելի յստակ տեղեկատւութեան», - ընդգծած է Քոփիրքինը։