ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ 5 մարտ 2025-ին հաւանութեան արժանացած է «Տեսալսողական մետիայի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքը, որմէ ետք շրջանառուած է նոյն օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու երկրորդ փաթեթը, որուն նախորդ շաբաթ, առաջին ընթերցմամբ կողմ քուէարկած են պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը եւ այն առաջիկային պիտի ներկայացնենք Ազգային Ժողովի երկրորդ ընթերցման: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:
«Փոփոխութիւնների երկրորդ փաթեթում անդրադարձել ենք նաեւ եթերի բովանդակութեանը, դրա նկատմամբ պատշաճ վերահսկողութեան իրականացմանը, բռնութեան, սահմանադրական կարգի տապալման եւ նմանօրինակ՝ դեռեւս քրէական օրէնսգրքով պատժելի արարքները հեռուստատեսալսողական բովանդակութեամբ հանրութեանը մատուցելու պարագայում պատասխանատւութեան շրջանակ ենք սահմանել թէ՛ ցանցային օպերատորների, թէ՛ հեռարձակողների համար:
Օտարերկրեայ հեռարձակողների պարագայում ՀՀ ներքին քաղաքական կեանքին միջամտութեան դէպքում սահմանուել են նոր խաղի կանոններ»,-նշած է ան:
Հայրապետեանն ընդգծած է, որ յոյս ունին՝ օրէնքը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ պիտի ընդունուի եւ ուժի մէջ պիտի մտնէ առաջիկայ ամիսներու ընթացքին։