image

Եւրոպան պէտք չէ մոռնայ Արցախի մասին. Արցախի դիւանագիտութեան պետ

Եւրոպան պէտք չէ մոռնայ Արցախի մասին. Արցախի դիւանագիտութեան պետ

Եւրոպան պէտք չէ մոռնար Արցախի մէջ շրջափակուած հայերը: Այսօր լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, անդրադառնալով Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման, նշած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեանը:

Անոր խօսքով՝ կան արժէքներ, որոնք Եւրոպան կը քարոզէ, սակայն ոչինչ կ'ընէ Արցախի մէջ այդ նոյն արժէքներու պաշտպանութեան համար:

Իսկ Արցախի ժողովուրդի շարք մը իրաւունքներ ոչ թէ պարզապէս բարեմաղթանք են, այլ 1990-ականներէն մեկնարկած բանակցային գործընթացի տարբեր հատուածներու մէջ ամրագրուած կէտեր: