image

Եւրոպական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ Կոռնիձոր մնալ

Եւրոպական առաքելութիւնը  պիտի շարունակէ Կոռնիձոր մնալ

Մարդասիրական օգնութեամբ բեռնուած 19 բեռնատարները երէկուընէ Կոռնիձորի սահմանային հատուածին են: Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը նոյնպէս այնտեղ է: Այդ մասին ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է «Լուրեր»ու թղթակիցը:

Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր «Լուրեր»-ու թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ առաքելութիւնը շուրջօրեայ ռեժիմով պիտի գտնուի Կոռնիձորի սահմանային հատուածին եւ շարունակէ մնալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ հարցը որեւէ կերպ չէ լուծուած: