Եւրոմիութիւնը պիտի չարգիլէ Ռուսաստանէն ուժանիւթակիրներու ներածումը, ըսած է միջազգային հարցերով եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը:
Ան այս յայտարարութիւնը ըրած է այն բանէն յետոյ, երբ Ուաշինկթըն յայտարարեց Մոսկուայի դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին, այդ շարքին` ուժանիթի աղբիւրներու մատակարարման արգելքի:
«Մենք պիտի չարգիլենք ռուսական ուժանիւթակիրներու ներածումը, մենք չենք հետեւիր Պայտընին այս հարցին մէջ», ըսած է Պորել:
Ինչպէս շեշտած է եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարը, ԵՄ-ի մէջ համոզուած են, որ ներկայիս գործընկերոջ վրայ «յոյս դնել կարելի չէ», ուստի կազի մատակարարման այլընտրանքային աղբիւրներ կը փնտռեն: Մոսկուան բազմիցս ընդգծած է, որ միշտ կատարած է պայմանագրերով ստանձնած պարտաւորութիւնները, եւ այս մասին խօսած են նաեւ Եւրոպայի սպառողները:
Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը արգելք դրած է Ռուսաստանէն ուժանիւթակիրներու ներածման վրայ: Ան նշած է, որ այս որոշումը կայացուած է Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ, Գոնկրէսին մէջ իրեն աջակցած են երկու կուսակցութիւնները: