image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոմիութեան պաշտօնեան կշտամբած է Թոյվօ Քլաարը՝ Արցախի հարցով ըրած գրառման համար

Եւրոմիութեան պաշտօնեան կշտամբած է Թոյվօ Քլաարը՝ Արցախի հարցով ըրած գրառման համար

Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով ենթակոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազօն արձագանգած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գրառման, որուն մէջ ան Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի համար կիրառած է ատրպէյճանական Խանքենտի տեղանունը:

Խօսքը, մասնաւորապէս, Քլաարի հետեւեալ գրառման մասին է.«Ուրախ եմ այսօր առաւօտեան կարդալ, որ դէպի Խանքենտի/Ստեփանակերտ կազամատակարարումը վերականգնուած է»։

Եւրոպական Միութեան պաշտօնեան այս մասին թուիթըրեան էջին գրած էր 9 յուլիսի կէսօրին, երբ յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանէն դէպի շրջափակուած Արցախ կազամակարարումը տեւական դադարէ ետք վերականգնուած է:

Քլաարի գրառման պատասխանած է Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով ենթակոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազօն.

«-Դուք համոզուա՞ծ էք Թոյվօ Քլաար: Դուք համոզուա՞ծ էք, որ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ կազամատակարարումը կայուն է եւ դեռ կը շարունակուի:

-«Ուրա՞խ էք կարդալ» այն պարագային, երբ Լաչինի միջանցքը դեռ լիակատար շրջափակման մէջ է:

- Դուք պէտք է օգտագործէ՞ք «Խանքենտի» անունը եւ օգտագործէք այն Ստեփանակերտէն առա՞ջ:

-Եւրոխորհրդարանը կ'ուզէ, որ Դուք գործէք, ոչ թէ լուրեր կարդաք եւ աջակցիք շրջափակման մէջ յայտնուած քաղաքացիական անձանց, ոչ թէ հաճոյանաք այս սարսափելի իրավիճակի պատասխանատուներուն»:

Յիշեցնենք, որ Արցախի տեղեկատուական շտաբը 9 յուլիսին յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը կրկին փակած է Հայաստան-Արցախ կազատարի միակ խողովակաշարի փականը: Արցախի շրջափակման 210 օրուան ընթացքին արդէն 181 օր շարունակ խափանուած է Հայաստանէն Արցախ ելեկտրամատակարարումը, իսկ կազամատակարարումը՝ հանրագումարային 143 օր շարունակ: