Մենք կարեւոր դասեր քաղած ենք եւ արժէքաւոր փորձ ձեռք բերած նախորդ պատերազմէն։ Ներկայիս մեր պալիսթիք հրթիռները կը գտնուին իրենց դիրքերուն վրայ, մեր ուժը կը մնայ անսասան, մենք վերանայած ենք մեր հիմնական հնարաւորութիւնները եւ այժմ ալ աւելի լաւ պատրաստ ենք։ Այս մասին ըսած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։
«Սա ամենապարզ ուղերձն է, որ մենք կրնանք յղել Միացեալ Նահանգներուն. եթէ յարձակում տեղի ունենայ, մենք պիտի պատասխանենք ցնցող, արագ եւ շատ հզօր հակահարուածով»,-ըսած է ան։