image

Էրտողան վերընտրուելու առիթ չունի․ Թանէր Աքչամ

Էրտողան վերընտրուելու առիթ չունի․ Թանէր Աքչամ

Թուրքիան կրնայ ռազմական յարձակոմ սկսիլ Սուրիոյ քիւրտերու դէմ եւ այդ որպէս պատրուակ օգտագործել ընտրութիւնները յետաձգելու համար։ «Ուժի գործօն»-ի հերթական թողարկման նման կանխատեսում ըրած է թուրք յայտնի պատմաբան, Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտութեան հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագրի ղեկավար Թանէր Աքչամը։

Անոր կարծիքով՝ Էրտողանն ընտրութիւններուն յաղթելու առիթ չունի, բայց այլ հարց է, թէ արդեօք պատրաստ է թողելու իշխանութիւնը։ Թուրք պատմաբանը չի բացառեր, որ պարտուելու պարագային Էրտողան կրնայ ուժի դիմել իշխանութիւնը պահելու համար, որ իր հերթին ներքին անկայունութեան եւ ցնցումներու վտանգ կրնայ ստեղծել։

Հայկ Սահակեանը թուրք պատմաբանի հետ զրուցած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներու, այս բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ ունեցած ակնկալիքներու, Ատրպէյճանի ազդեցութեան, Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ մէջ այժմ գերակայող ընկալումներու մասին։