image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան շնորհաւորած է Ալիեւը խաղաղութեան օրակարգի առաջմղման համար

Էրտողան շնորհաւորած է Ալիեւը խաղաղութեան օրակարգի առաջմղման համար

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի հետ:

Ատրպէյճանական կողմի տուեալով՝ զրոյցի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ եղբայրութեան եւ ռազմավարական դաշնակցութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման կապակցութեամբ: Կարեւորուած են Ալիեւի՝ Միացեալ Նահանգներ կատարած այցի ծիրէն ներս ստորագրուած փաստաթուղթերը, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հռչակագիրը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի նախաստորագրումը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի լուծարման մասին համատեղ դիմումը:

Նշուած է, որ Էրտողան շնորհաւորած է Ալիեւը տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան օրակարգի առաջմղման գործին մէջ ցուցաբերած առաջնորդութեան համար եւ նշած, որ Թուրքիան միշտ պիտի աջակցի տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան: