image

Փաշինեան. «Ամենամեծ խնդիրը խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումն ու վաւերացումն է»



Փաշինեան. «Ամենամեծ խնդիրը խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումն ու վաւերացումն է»



Ողջունելով քննարկման մասնակիցները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար՝ Փաշինեան նշած է, որ իր գլխաւոր նպատակն է երիտասարդ սերունդին փոխանցել խաղաղ եւ անվտանգ Հայաստան մը՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով եւ բաց սահմաններով։

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է «Restart» հիմնադրամի կազմակերպած «MaskOFF» խորագիրով քննարկում-բանավէճին։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երիտասարդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի ապագային, խաղաղութեան հաստատման, Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման, կրթութեան եւ պետականութեան յարատեւութեան վերաբերող հարցերու։

Ողջունելով քննարկման մասնակիցները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին համար՝ Փաշինեան նշած է, որ իր գլխաւոր նպատակն է երիտասարդ սերունդին փոխանցել խաղաղ եւ անվտանգ Հայաստան՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով եւ բաց սահմաններով։

«Իմ տեսակէտով՝ ամենամեծ խնդիրը, զոր պէտք է լուծեմ երիտասարդութեան համար, խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումն է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներով եւ բաց սահմաններով, եթէ պատկերաւոր խօսիմ, այդ վիճակին մէջ պէտք է յանձնեմ երիտասարդութեան», ըսած է ան։

Վարչապետը ընդգծած է, որ խաղաղութեան հաստատումն ու անոր ամրագրումը պիտի կանխորոշեն երիտասարդութեան ապագայ կարելիութիւնները։ Այս առնչութեամբ ան յիշած է նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումը՝ յոյս յայտնելով, որ մինչեւ 2029 թուականը կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ ԵՄ-ի հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման որոշումին։ Ան նաեւ նշած է, որ «Ակադեմական քաղաք» նախագիծը այդ ժամանակ պիտի դառնայ անշրջելի։

«Բաց սահմաններով խաղաղ երկիր։ Գիտէ՞ք, թէ իմ կարծիքով ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ, որ երիտասարդութիւնը այս պայմաններուն մէջ իր որեւէ փափաքը, նպատակը եւ ծրագիրը իրականացնելու սահմանափակում պիտի չունենայ», յայտարարած է Փաշինեան։

Ան տնտեսական կայունութիւնն ու ուժանիւթային անկախութիւնը եւս նկատած է կարեւոր նախապայմաններ՝ Հայաստանի ապագայի իր պատկերացումը ամբողջացնելու համար։ Խօսելով խաղաղութեան գործընթացին յաջողութեան հաւանականութեան մասին՝ վարչապետը ընդունած է, որ անոր իրականացման համար հարիւր տոկոսանոց երաշխիք գոյութիւն չունի, սակայն խնդիրը իրատեսական, թէեւ բաւական բարդ նկատած է։

Փաշինեան շեշտած է նաեւ հանրութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան հետ հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին անհրաժեշտ է ունենալ համոզիչ քաղաքական օրակարգ, գաղափարախօսութիւն եւ գործողութիւններու յստակ ուղեցոյց։

Անդրադառնալով կրթութեան դերին՝ Հայաստանի վարչապետը զայն նկատած է իրականութիւնը հասկնալու, խնդիրները գնահատելու եւ լուծումներ գտնելու կարեւորագոյն միջոցը։

«Իրականութիւնը տեսնելու, գնահատելու, լուծումներ ունենալու եւ զանոնք մինչեւ վերջ հասցնելու համար ամենակարեւոր գործօնը կրթութիւնն է։ Ասիկա է պատճառը, որ կառավարութիւնը կրթութիւնը հռչակած է ռազմավարութիւններու ռազմավարութիւն», նշած է ան։

Փաշինեան ընդգծած է, որ երբ անհատական, խմբային կամ պետական մակարդակի վրայ որեւէ խնդիր չի յաջողիր լուծել, անհրաժեշտ է վերադառնալ կրթութեան հարցին եւ շարունակական աշխատանք տանիլ այդ ուղղութեամբ։

Ամփոփելով իր խօսքը՝ վարչապետը շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է յաջորդ սերունդին փոխանցուի իբրեւ խաղաղ, անվտանգ, զարգացող եւ բարեկեցիկ պետութիւն՝ սահմանազատուած ու սահմանագծուած սահմաններով եւ բաց հաղորդակցութիւններով։

«Այստեղ է, որ կը ծագի պետութեան յարատեւութեան տեսլականը, որուն իմաստը հետեւեալն է. սերունդէ սերունդ փոխանցման գործընթացը պէտք է շարունակական ըլլայ, իսկ Հայաստանը, որպէս պետութիւն, պէտք է յարատեւ գոյութիւն ունենայ։ Այս է այն մեծագոյն օրակարգը, որ, իմ կարծիքով, մենք բոլորս պէտք է սպասարկենք», ըսած է ան։

Քննարկման յաջորդ բաժինի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած է երիտասարդ մասնակիցներու բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման, սահմանազատման գործընթացին, խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման եւ վաւերացման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին եւ անոր շուրջ յառաջիկայ ակնկալութիւններուն։

Հարցուպատասխանի ընթացքին վարչապետը անդրադարձած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման, մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, «Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութեան եւ անոր սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կողմէ տարածքային համաչափ զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագիրներուն։