image

Երրորդ օրն է, որ Արցախ կազ չունի

Երրորդ օրն է, որ Արցախ կազ չունի

Արցախի մէջ երրորդ օրն է` դադրեցուած է կազի մատակարարումը: Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւնները: Այս մասին յայտնեց Արցախի պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերի բաժնի վարիչ Սամուէլ Պալայեանը:

Ձիւնի առատ տեղումներու պայմաններուն մէջ Արցախի շուրջ 120.000 բնակչութիւնը զրկուած է կենսական նշանակութիւն ունեցող կազէն:

Արցախի մէչ կազի մատակարարումը առաջին անգամ դադրեցուած էր Մարտ 8–ին, երբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ վնասուած էր մայրուղային բարձր ճնշման կազատարը:

Ատրպէյճանական կողմը 9 օր խոչընդոտներ կը ստեղծէր վնասուած տազատարի վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելու համար: Եւ միայն Մարտ 16–ին, ատրպէյճանական կողմը սկսած էր կազատարի վերանորոգման աշխատանքները, որոնք աւարտած էին Մարտ 19–ին:

3 օր անց` Մարտ 21–ին, ատրպէյճանական կողմի ուղիղ միջամտութեան հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ կրկին դադրեցուած է կազամատակարարումը:

Արցախի մէջ կազի մատակարարման դադրեցման մասին համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են Արցախի եւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները: «Արցախի հայութեան ցեղային զտման ատրպէյճանական քաղաքականութեան համար գտնուել է «մանր վրէժխնդրութեան» գործիք... Աւելի քան 100.000 հայ բնակչութեան նկատմամբ այս ամօթալի «վրէժխնդրութիւնը» անընդունելի է: Պետական այս ձեռագիրը լաւագոյնս բնորոշում է Ատրպէյճանի կողմից հնչեցուող «հանդուրժողականութեան» թեզերի  կեղծ ու սնանկ էութիւնը», կ'ըսուէր հաղորդագրութեան մէջ:

Յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը: