image

Երեւանի մէջ. Զինուած յարձակում «ԱԿԲԱ» դրամատան վրայ

Երեւանի մէջ. Զինուած յարձակում «ԱԿԲԱ» դրամատան վրայ

Քիչ առաջ արտակարգ դեպք տեղի ուեցած է Երեւանի մէջ:

Տղամարդ մը՝ զինուած զէնքով, մտած է Արաբկիր վարչական շրջանի Սունդուկեան 64 հասցէի վրայ գործող «Ակբա պանք» եւ զէնքը պահած աշխատակցուհիի վրայ ու յափշտակած մօտ 2 մլն 500 հազար դրամ եւ դիմած փախուստի:

Ինչպէս դէպքի վայրէն յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, ան չի հասցուցած փախիլ, քանի որ «Ակբա պանք»-ի Արկաբիրի մասնաճիւղի կառավարիչ Հայկ Պետրոսեանն ու դրամատան անվտանգութեան աշխատակից Կարէն Մանուկեանը, վտանգելով իրենց կեանքը, հետապնդած եւ դուրսը վնասազերծած են անոր:

Քիչ առաջ ան տեղափոխուած է ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին, այս պահուն ալ դրամատուն ժամանած է ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժնի խումբը եւ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Արաբկիրի քննչական բաժնի քննիչները:

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը պարզեն դրամատունը թալանողի ինքնութիւնը:

 

Լուսանկարերը՝ Գագիկ Շամշեանի