Օրերս Դամասկոս տուած իրենց այցելութեան ծիրէն ներս Գերմանական «Կուսթաֆ-Ատոլֆ-Վերք» Միութեան պատուիրակներ այցելած է Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին։
Ստորեւ այդ այցին մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Յունուար 28, 2026ին, Գերմանական Աւետարանական Եկեղեցւոյ բարեսիրական թեւին («Կուսթաֆ-Ատոլֆ-Վերք») պաշտօնեաներ Դամասկոսի իրենց այցելութեան ընթացքին այցելեցին նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքապետ Վեր. Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին։ Վեր. Դոկտ. Մարթին Տուցման (Նախագահ), Վեր. Էննօ Հաաքս (Ընդհ. Քարտուղար) Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Սբ. Հաղորդութեան պաշտամունքին բաժին բերին, Հայ Աւետ. «Կենաց» վարժարանը այցելեցին, եւ հանդիպում ունեցան կարգ մը համայնքի անձնակազմին հետ, մեծ տպաւորութիւն առնելով Հայ Աւետ. Համայնքին նուիրուած ծառայութեանց մասին։