Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւն նշանակելու մասին նախագահի հրամանագիրն ուժի մէջ մտած է 7 փետրուար 2026-ին։ Յայտնած է Հակափտածութեան կոմիտէն։
Ըստ հրամանագրի՝ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը նշանակուած է 7 յունիս 2026ին։
Հակափտածութեան կոմիտէն կը յիշեցնէ, որ ընտրութիւններու նշանակման որոշումն ուժի մէջ մտնելու օրէն մինչեւ Ազգային ժողով ընտրուելու մասին որոշումը թեկնածուի, կուսակցութեան անդամի կամ լիազօրուած անձի, վստահուած անձի կողմէ անձամբ կամ անոնց անունով կամ որեւէ այլ եղանակով կամ բարեգործութեան անուան տակ ընտրողներուն անհատոյց կամ արտօնեալ պայմաններով որեւէ գոյք տալը (խոստանալը) կամ ծառայութիւններ մատուցելը (խոստանալը) կամ բարեգործութեան հետ միաժամանակ նախընտրական քարոզչութիւն իրականացնելը կ՚առաջացնէ քրէական պատասխանատւութիւն։