image
Հրատապ լուրեր:

Գերշ. Տ. Յովնան եւ Տ. Գեղամ Սրբազաններ ներկայ գտնուեցան Հայկազեան Համալսարանի 70-րդ տարեդարձի պաշտօնական երեկոյթին

Գերշ. Տ. Յովնան եւ Տ. Գեղամ Սրբազաններ ներկայ գտնուեցան Հայկազեան Համալսարանի 70-րդ տարեդարձի պաշտօնական երեկոյթին

  Օրերս Հայց. Առաքելաեան Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան երկու Թեմերու Առաջնորդներ՝  Գերշ. Տ. Յովնան արք.  Տէրտէրեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հիւրաբար ներկայ գտնուած են Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի առիթով Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած Կալա-ճաշկերոյթին:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հիւրաբար ներկայ եղաւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի առիթով Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած Կալա-ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Իպել ճաշարանին մէջ: 

Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան եւ ամուսինը՝ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, որ Կեդրոնական վարչութեան անդամ է, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան: