image

Հայաստան մուտք գործելու արգելք WarGonzo-ի թղթակիցներուն

Հայաստան մուտք գործելու արգելք WarGonzo-ի թղթակիցներուն

WarGonzo-ի թղթակիցներուն արգիլուած է մուտք գործել Հայաստան, կը հաղորդէ Sputnik Արմենիա-ն։

Խմբագրութիւնը ստացած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատասխանը՝ անցեալ տարուան նոյեմբերին Տմիթրի Սելեզնիովի մուտքը արգիլելու վերաբերեալ։

Պատասխանին մէջ նշուած է, որ լրագրողը «սպառնալիք կը ներկայացնէ պետական անվտանգութեան, սահմանադրական կարգին եւ երկրի պաշտպանունակութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հասարակական կարգին»։

WarGonzo կը կարծէ, որ հրատարակութեան յատուկ թղթակիցի մուտքը արգիլուած է յատկապէս 2020 թուականին Արցախ կատարած այցելութեան եւ այդ ժամանակուան իրադարձութիւններու լուսաբանման պատճառով։