image

ԱՄՆ-ն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ առաջարկած է պատերազմն աւարտել մինչեւ ամառ. Զելենսքի

ԱՄՆ-ն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ առաջարկած է պատերազմն աւարտել մինչեւ ամառ. Զելենսքի

 

Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կոչ ուղղած է՝ մինչեւ ամռան սկիզբը աւարտելու պատերազմը։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

Նախագահը հաւանական նկատած է, որ ամերիկեան կողմը ճնշումներ կը գործադրէ նշուած ժամանակային շրջանակին հետեւելու համար։

«Ամերիկան Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ բանակցային կողմերուն առաջին անգամ առաջարկած է հանդիպիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, հաւանաբար՝ Մայամիի մէջ, մէկ շաբաթէն։ Մենք հաստատած ենք մեր մասնակցութիւնը»,– աւելցուցած է Զելենսքին։